Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Վատիկան Իր Գաղտնի Արխիւներէն Հայոց Ցեղասպանութեան Մասին Նոր Փաստաթուղթեր Կը Հրապարակէ

August 18, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0817_Vatican«Վաթիքըն Ինսայտըր» 15 օգոստոսի իր թիւին մէջ հաղորդած է, որ սահմռկեցուցիչ վկայութիւններ պիտի հրատարակուին գիրքի մը մէջ: Այս լուրը հրապարակուած է «Լիւքս Արքանա» ցուցահանդէսի ներկայացման ընթացքին. վերջինս աշխարհի ամէնէն հին արխիւներէն մէկուն գանձերը պիտի ցուցադրէ:

Օրաթերթը կը նշէ, որ Վատիկանի գաղտնի արխիւներուն մէջ պահուած են փաստաթուղթեր, որոնք կը պատմեն Համաշխարհային Ա. պատերազմի ընթացքին Օսմանեան կայսրութեան կողմէ հայերուն դէմ գործուած «աննախադէպ եւ ցնցիչ ցեղասպանութեան» մասին: Փաստաթուղթերը մօտ օրէն պիտի հրապարակուին Վատիկանի արխիւներու բաժանմունքին կողմէ խմբագրուած գիրքի մը մէջ: Յառաջիկայ փետրուարին նախատեսուած «Լիւքս Արքանա» ցուցահանդէսին ընթացքին առաջին անգամ ըլլալով հանրութեան պիտի ներկայացուին աշխարհի ամէնէն հին եւ համապարփակ արխիւներէն մէկուն գանձերը:

Գաղտնի արխիւներու պատասխանատու Սերճիօ եպս. Փականօ յայտնեց, որ վկայութիւնները «մանրամասն» կերպով կը ներկայացնեն «հայերուն դէմ թուրքերուն օգտագործած չարչարանքները»: Ան իբրեւ օրինակ նշեց, որ օսմանցի զինուորները գրաւ կը դնէին «յղի կիներու արգանդին մէջ եղած մանուկներուն սեռին վրայ` նախքան արգանդը բանալն ու նոյն դանակով մանուկները սպաննելը»:

Ան կը նշէ, որ այդ դրուագները «զիս մարդ ըլլալուս համար ամօթով կը ձգեն, եւ եթէ հաւատքը չըլլար, միայն խաւար պիտի տեսնէի»:

Օրաթերթը կը գրէ, որ այդ փաստաթուղթերուն հրապարակումը Վատիկանի եւ Թուրքիոյ միջեւ լարուածութիւնը պիտի վերահրահրէ, մանաւանդ որ 3 յունիս 2013-ին Անատոլուի առաքելական առաջնորդ Լուիճի եպս. Փատովեզի սպանութեան յիշողութիւնը տակաւին թարմ է:

 

Նախորդը

Միացեալ Նահանգները Կարէն Պետրոսեանի Մահուան Գծով Թափանցիկ Քննութիւն Կատարելու Կոչ Կ՛ուղղեն Ազրպէյճանին

Յաջորդը

Հայ Հրասայլորդները Երկրորդ Տեղը Գրաւած Են «Հրասայլային Պիաթլոն-2014»-ի Մրցումին

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.