
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի շաբաթավերջին Այն Թինէի մէջ ընդունեց Գերմանիոյ արտաքին գործոց նախարարութեան Միջին Արեւելքի եւ Մարոքի հարցերու պատասխանատու, դեսպան Միկել Պըրկըրը` ներկայութեամբ Ալի Համտանի:
Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Գերմանացի պաշտօնատարը Պըրրիին փոխանցեց Պերլինի մէջ 28 օգոստոսին տեղի ունենալիք սուրիացի գաղթականներուն յատուկ խորհրդաժողովին վերաբերող հարցեր:
Պըրրի անդրադարձաւ Լիբանան հասած շուրջ երկու միլիոն սուրիացի եւ պաղեստինցի գաղթականներուն ստեղծած իրավիճակին` ընդգծելով այդ հարցին անմիջական լուծում մը գտնելու անհրաժեշտութիւնը:
Խորհրդարանի նախագահը կոչ ուղղեց այդ տագնապին դրդապատճառներուն քաղաքական լուծումներ գտնելու:
Խորհրդարանի նախագահին այցելեց նաեւ Լիբանանի մէջ Հոլանտայի դեսպան Էսթեր Սոսենը, որ Պըրրիի հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:


