Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան բանակին տուեալներով` 12-13 օգոստոսին Ղարաբաղի եւ Ազրպէյճանի զօրքերու շփման գիծին վրայ հակառակորդին կողմէ զինադադարի դրութիւնը խախտուած է շուրջ 55 անգամ, տարբեր տրամաչափի հրաձգային զինատեսակներէ հայ դիրքապահներու ուղղութեամբ արձակուած է աւելի քան 400 կրակոց:
«Պաշտպանութեան բանակի յառաջապահ զօրամասերուն կողմէ ձեռնարկուած պատասխան գործողութիւններուն իբրեւ արդիւնք հակառակորդի աշխուժութիւնը կասեցուած է: Հայ դիրքապահները առաջնագիծի ամբողջ երկայնքին կը շարունակեն վստահօրէն վերահսկել սահմանային իրավիճակը», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:


