Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 13, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ բանակը երէկ Արսալի շրջակայքին մէջ բացայայտեց 7 դիակներ, որոնք ահաբեկիչներուն կը պատկանէին:

ԸՆԴՀԱՆՈՒՐ ապահովութեան ընդհանուր տնօրէն հազարապետ-զօրավար Ապպաս Իպրահիմ երէկ իր գրասենեակին մէջ հանդիպում մը ունեցաւ Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրիի հետ: Ան ընդունեց նաեւ Իսլամ կրօնաւորներու խորհուրդին մէկ պատուիրակութիւնը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները:

ՓՈԽՎԱՐՉԱՊԵՏ, պաշտպանութեան նախարար Սամիր Մուքպել երէկ ընդունեց Լիբանանի մէջ Բրիտանիոյ դեսպան Թոմ Ֆլեչըրը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ բանակին կատարելիք ռազմափորձերն ու անոր զինման վերաբերող արդիական սարքերուն տրամադրման մասին հարցեր:

ՄԱՐԱՏԱ հոսանքի իրաւաբան Սլէյման Ֆրենժիէ շեշտեց, որ Մարատա հոսանքին եւ Մուսթաքպալի միջեւ հաղորդակցութիւնները խզուած են:

«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի յանձնուած է ապահովութեան ուժերուն կարիքներուն վերաբերող ցանկ մը, որուն համար ան պիտի տրամադրէ Սէուտական Արաբիոյ մէկ միլիառ տոլարի յատկացումը:

ԸՆԿԵՐՎԱՐ յառաջդիմական կուսակցութեան մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի պիտի այցելէ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի: Նոյն աղբիւրները հաստատեցին, որ իրենք կը նախընտրեն խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկու տարիով երկարաձգել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Զիատ Քատիրի յայտնեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ իրենց խորհրդակցութիւնները ընթացքի մէջ են` աւելցնելով, որ զօր. Աունի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի միջեւ որեւէ ատեն կրնայ հանդիպում մը տեղի ունենալ:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա շեշտեց, որ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի համար Լիբանանի պետական հաստատութիւնները ոչինչ կ՛արժեն:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ամմար Հուրի յայտնեց, որ իրենք կը մերժեն երեսփոխանական ընտրութիւն կատարել, նախքան նախագահի ընտրութիւնը:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձով քաղաքական պատկերը ամբողջացած կարելի է նկատել:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Մոհամետ Քապպանի ընդգծեց, որ իրենք կը մերժեն խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգել` աւելցնելով սակայն, որ օրէնսդրական իշխանութիւնը թափուր պահելը անձնասպանութիւն գործելու համազօր է:

ԽՈՐՀՐԴԱՐԱՆԻ նախկին փոխնախագահ Էլի Ֆըրզլի յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը ոչ մէկ կապ ունի շրջանը քրիստոնեաներէն պարպելու արշաւին հետ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի հաստատած են, որ ահաբեկչութիւնը միացեալ մտահոգութիւն է, եւ անոնք իսկոյն անցած են տագնապը լուծելու հոլովոյթի քննարկումին:

ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի վերադարձը կը միտի լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը ամրապնդել եւ ահաբեկչութեան դէմ պայքարիլ:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան աղբիւրներ «Շարք Աուսաթ» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենց իրաւունքներէն զիջելու ժամանակաշրջանը աւարտած է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ հանրապետութեան նախագահի մը գոյութիւնը կ՛երաշխաւորէ երկրին սահմանադրութեան համաձայն երեսփոխանական ընտրութիւններ կատարելու ընթացքը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքին համաձայն, նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրի խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ քննարկած է նախագահական ընտրութիւններն ու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարը:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, քաղաքական ուժերու ներկայացուցիչներ միջամտած են եւ փորձած համոզել Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունը, որպէսզի յետս կոչէ նախագահական ընտրութեան իր թեկնածութիւնը, սակայն անոնք ձախողած են իրենց փորձին մէջ:

ՄԱՐՏ 14-ի քաղաքական ուժերուն մօտիկ աղբիւրներ յայտնեցին, որ իրենք համաձայն են խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը վեց ամիսով երկարաձգելու եւ ոչ թէ երկու տարիով: Նոյն աղբիւրները յայտնեցին, որ իրենց գործունէութեան յաջորդ հանգրուանին խորագիրը պիտի ըլլայ ծայրայեղութեան դէմ պայքարը:

 

Նախորդը

Ըստ Հայաստանի Հանրապետութեան Պաշտպանութեան Նախարարութեան. Զինադադարի Խախտումները Կը Նուազին

Յաջորդը

Մուսթաքպալ Պլոքը Կը Շեշտէ Նախագահական Ընտրութիւնը Արագացնելու Կարեւորութիւնը

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.