Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցիչները այցելեցին մօտաւորապէս ամիս մը առաջ Քարվաճառ թափանցած եւ Լեռնային Ղարաբաղի իրաւապահներուն կողմէ ձերբակալուած ազրպէյճանցի երկու հետախոյզներուն: Այս մասին ԱՓԱ լրատու գործակալութեան յայտնած են Ազրպէյճանի մէջ Կարմիր խաչի միջազգային կազմակերպութեան ներկայացուցչութենէն` մանրամասնութիւններ չփոխանցելով:
Երկու ազրպէյճանցիները կը մեղադրուին Նոր Էրքեճ գիւղի 17-ամեայ բնակիչ Սմբատ Ցականեանը եւ 42-ամեայ սպայ Սարգիս Աբրահամեանը սպաննելու, 37-ամեայ Կարինէ Դաւթեանը ծանրօրէն վիրաւորելու համար, ազգային ատելութեան դրդապատճառներով մարդ առեւանգելով սպաննելու, կազմակերպուած խումբի կողմէ անչափահասի նկատմամբ զէնքի գործադրումով բռնութիւն բանեցնելու, լրտեսութեան, Ղարաբաղի պետական սահմանը կազմակերպուած խումբի կողմէ հատելու, հրազէն եւ ռազմամթերք կրելու կէտերով:
Երրորդ հետախոյզը ձերբակալման պահուն դիմադրութիւն ցոյց տուած եւ ոչնչացուած է, զայն յուղարկաւորած են Լեռնային Ղարաբաղի մէջ:
Պնդելով, որ ձերբակալուած հետախոյզներուն վրայ չի կիրարկուիր «Ռազմագերիներու հետ վարուելակերպի մասին» Ժընեւի հռչակագիրը, հայկական կողմը, այդուհանդերձ, կը վստահեցնէ, որ անոնց նկատմամբ մարդասիրական վարուելակերպ կը ցուցաբերուի, եւ իբրեւ բարի կամեցողութեան դրսեւորում թոյլ կու տայ Կարմիր խաչի ներկայացուցիչներուն տեսակցութիւնները անոնց հետ:


