Թրքական «Ճումհուրիյէթ» օրաթերթը կը գրէ, որ Թուրքիոյ իշխող Արդարութիւն եւ բարգաւաճում կուսակցութեան ղեկավար Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան կիրակի օր նախագահական ընտրութեան աւարտէն ետք արտասանած է խօսք մը` նշելով. «Թուրք, քիւրտ, հայ, յոյն ըլլալէ առաջ անոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ են: Իսլամ, քրիստոնեայ, եզիտի ըլլալէ առաջ անոնք Թուրքիոյ քաղաքացիներ են: Ալեւի կամ սիւննի ըլլալէ առաջ թուրքիացիներ են, եւ ես 77 միլիոն բնակիչի նախագահն եմ», ըսած է ան:
Ան յայտարարած է. «Թուրքիոյ նախագահական ընտրութեան մէջ արտայայտուեցաւ թուրք ժողովուրդին կամքը»:
Թուրք լրագրողներուն ուշադրութիւնը գրաւած է այն հանգամանքը, որ Էրտողան նախագահ դառնալէ ետք իր արտասանած առաջին խօսքին մէջ ոչ մէկ անգամ արտաբերած է Թուրքիոյ Հանրապետութեան հիմնադիր Աթաթուրքի անունը:


