Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

«Ղարաբաղեան Տագնապը Սառեցուած Չէ» Կ՛ըսէ Ուորլիք

August 11, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter
Ճէյմս Ուորլիք
Ճէյմս Ուորլիք

ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի ամերիկացի համանախագահ Ճէյմս Ուորլիք «Ամերիկայի ձայն»-ին հետ զրոյցի մը ընթացքին` մեկնաբանելով ղարաբաղեան-ազրպէյճանական հակամարտ զօրքերու շփման գիծին վրայ տիրող իրավիճակը, յայտնած է, որ ղարաբաղեան տագնապը սառեցուած չէ:

«Անշուշտ, մենք մտահոգուած ենք շփման գիծին վրայ գոյութիւն ունեցող իրավիճակով, եւ ինչպէս կը տեսնէք` անիկա ընդհանրապէս սառեցուած չէ: Սպաննուած կամ վիրաւորուած զինուորի մօր ըսէ՛ք, որ ասիկա սառեցուած տագնապ է: Ասիկա երբեք ալ սառեցուած տագնապ չէ եղած: Մենք շատ մտահոգ ենք զարգացումներով: Պէտք է քայլերու ձեռնարկել իրավիճակին վերաբերեալ: Առաջին բանը, որ ես ուրախ եմ նկատելով, այն է, որ (Հայաստանի եւ Ազրպէյճանի) նախագահները հաւանաբար այսօր կամ վաղը հանդիպին Սոչիի մէջ, եւ մենք յոյսով ենք, որ անոնք կրնան խնդիրի շուրջ յառաջընթաց արձանագրել», ըսած է ան:

Ամերիկացի համանախագահը նշած է, որ Մինսքի խմբակը յոյսով է, որ երկու կողմերէն հնչած վերջին սպառնալիքները դադրեցուին: «Անոնք մեզ չեն մօտեցներ խաղաղութեան: Անոնք բռնութիւն կը ծնին, եւ մենք կը փորձենք տեւական լուծման ուղի գտնել: Մենք պէտք է վերջ դնենք թշնամական հռետորաբանութեան եւ այս կարգի սադրիչ յայտարարութիւններուն: Այսպիսով` նախագահ Փութինի հետ այս շատ կարեւոր հանդիպումէն ետք, յոյսով եմ, երկու կողմերուն համար պիտի ըլլայ յանձնառութիւն մը` վերջ դնել թշնամական հռետորաբանութեան, յարգել զինադադարը եւ համագործակցութիւնը համանախագահներուն հետ, որոնց աշխատանքը նուիրուած է տագնապի խաղաղ լուծման», ըսած է ան:

 

Նախորդը

Տաւութօղլու. «Թուրքիան Միշտ Պիտի Աջակցի Ազրպէյճանին»

Յաջորդը

Յովիկ Աբրահամեանի Գլխաւորած Պատուիրակութիւնը Այցելած Է Զինուորական Յենակէտերը

RelatedPosts

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան  Հռչակագիրին Յղման Վերացումը
Գլխաւոր լուրեր

Պաքու Բարձր Կը Գնահատէ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծէն Անկախութեան Հռչակագիրին Յղման Վերացումը

November 25, 2026
Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ
Գլխաւոր լուրեր

Պաքուի Մէջ Պահուող Հայ Պատանդները` Ֆրանսայի Նիս Քաղաքի Պատուոյ Քաղաքացիներ

November 25, 2026
Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
  • Գլխաւոր
  • Մեր մասին
  • Նուիրատուութիւն
  • Կապեր
  • Կապ մեզի հետ
  • PDF արխիւ
Powered by Alienative.net

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2026 «Ազդակ» Օրաթերթ (Aztag Daily), Լիբանան։ Բոլոր իրաւունքները պահպանուած են։