
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը, որ գործուղուած էր Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի կողմէ:
Հանդիպումէն ետք Ապու Ֆաուր յայտնեց, որ Ժոմպլաթ ամէն ջանք ի գործ կը դնէ նախագահական ընտրութիւնը յաջողցնելու, որովհետեւ Լիբանանի մէջ խիստ կարիքը կայ սահմանադրական առողջ կենցաղին վերադառնալու:
Ապու Ֆաուր անդրադարձաւ նաեւ Արսալի իրադարձութիւններուն` շեշտելով, որ բարեբախտաբար այդ դէպքերը նուազագոյն վնասներով աւարտեցան, ինչպէս նաեւ բանակին եւ ապահովութեան ուժերուն նկատմամբ լիբանանեան ազգային աննախընթաց միասնականութիւն ցուցաբերուեցաւ:
Ժոմպլաթի կողմէ ի գործ դրուած ճիգերը կը շարունակուին եւ անոնց լոյսին տակ լիբանանեան քաղաքական բոլոր կողմերուն կը փոխանցուի, թէ երկրին ապահովական կայունութիւնը առաջնահերթութիւն է, քաղաքական կայունութիւնը երկրորդ դիրքին վրայ կը գտնուի, իսկ սահմանադրական կացութիւնը` երրորդ:
Ապու Ֆաուր ողջունեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի Լիբանան վերադարձը` յոյս յայտնելով, որ անոր վերադարձը ըլլայ առիթ մը` լուծելու համար Լիբանանի առկախ հարցերը:


