
Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարութեան մամլոյ ծառայութիւնը կը հաղորդէ, որ Լեռնային Ղարաբաղի արտաքին գործոց նախարար Կարէն Միրզոյեան եւ Մերձտնեսթրի Մոլտովական Հանրապետութեան կառավարութեան միջազգային համագործակցութեան հարցերով փոխնախագահ, արտաքին գործոց նախարար Նինա Շթանսքիի միջեւ 6 օգոստոսին տեղի ունեցած է հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը` մերձտնեսթրեան կողմին նախաձեռնութեամբ:
Հեռաձայնային հաղորդակցութեան ընթացքին մտքեր փոխանակուած են փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող շարք մը հարցերու շուրջ:
Անդրադարձ կատարուած է նաեւ վերջերս Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան եւ Ազրպէյճանի զինեալ ուժերու շփման գիծին վրայ Ազրպէյճանի կողմէ զինադադարի դրութեան խախտումներուն եւ անոնց կասեցման ուղղութեամբ ղարաբաղեան կողմի ձեռնարկած քայլերուն:


