Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՏԱՀԵՇ-ի Զինեալները Գրաւեցին Իրաքի Մէջ «Քրիստոնեաներու Մայրաքաղաք»-ը

August 8, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

0708_ISILԻրաքի քրիստոնեաներուն շուրջ քառորդը փախուստի դիմեց, երբ քրտական ուժերը գիշերանց նահանջեցին եւ Իսլամական պետութեան զինեալները գրաւեցին Նինուէ նահանգին մէջ գտնուող Քարաքոշ քաղաքը, որ մեծամասնութեամբ քրիստոնեաներով բնակուած է:

Նինուէ նահանգը Պաղտատէն 400 քիլոմեթր դէպի հիւսիս-արեւմուտք կը գտնուի, եւ հոն կ՛ապրին կրօնական փոքրամասնութեանց մեծաթիւ անդամներ: Ըստ «Ֆրաթերնիթէ ան Իրաք» քրիստոնէական միջազգային կազմակերպութեան, որուն կեդրոնատեղին Փարիզ կը գտնուի, Նինուէի բնակչութեան մեծամասնութիւնը գիշերանց իր բնակարաններէն հեռացած է: Կը կարծուի, որ անոնցմէ շուրջ հարիւր հազարը ուղղուած է քրտական շրջան:

Քարաքոշի մէջ փեշմերկաներու հրամանատարը քաղաքի եպիսկոպոսապետին յայտնած է, որ իր ուժերը կը լքեն իրենց դիրքերը: Շարք մը բարձրաստիճան կրօնաւորներ հաստատեցին, որ քաղաքը գրաւուած է:

Քարաքոշի մէջ ականատեսներ յայտնեցին, որ իսլամական զինեալները եկեղեցիներէն վար կ՛առնեն խաչերը եւ կրօնական ձեռագիրները կը հրկիզեն: Իրաքի մէջ քաղդիացիներու Լուիս Սաքօ պատրիարքը հաստատեց լուրը` նշելով, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները 1500 պատմական արժէք ունեցող ձեռագիրներ հրկիզած են:

Փեշմերկաները յայտարարեցին, որ Մուսուլի Սինճար շրջանին մէջ տեղի ունեցած բախումներու ընթացքին սպաննած են ՏԱՀԵՇ-ի պաշտպանութեան նախարարը` Ապու Օմար Շիշանին, որուն բուն անունը Թարխան Փաթիրիշվիլի է:

Միւս կողմէ, «Սքայ Նիուզ» հաղորդեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի զինեալները գրաւած են Մուսուլի ամբարտակը, ինչպէս նաեւ հիւսիսային Իրաքի մէջ ձայնասփիւռի կայան մը եւ 15 քաղաքներ:

Նախորդը

Մետվետեւ. «Եւրոպական Միութեան Եւ Ամերիկայի Օդանաւային Ընկերութեանց Մեր Հողամասերուն Վերեւ Թռիչք Կատարելը Արգիլելու Հարցը Կը Սերտենք»

Յաջորդը

Ժոմպլաթ Ընդունեց Միացեալ Նահանգներու Եւ Սէուտական Արաբիոյ Դեսպանները

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.