
«Հիւրրիյէթ Տէյլի Նիուզ» կը հաղորդէ, որ Թուրք-թուրանական ընկերակցութեան հրատարակութիւն «Էօթիւքեն» ամսագիրը համացանցի վրայ յայտարարութիւն տարածելով նշած է, որ պիտի չարտօնէ, որ թրքական ծագումով գերմանացի անուանի բեմադրիչ Ֆաթիհ Աքընի Հայոց ցեղասպանութեան անդրադարձող «Հատումը» շարժանկարը ցուցադրուի Թուրքիոյ մէջ: Ընկերակցութիւնը այս յայտարարութիւնը կատարած է «Ակօս» շաբաթաթերթին հետ Աքընի հարցազրոյցին լոյսին տակ:
«Մենք բացայայտ կը սպառնանք «Ակօս» թերթին, հայ ֆաշականներուն եւ այսպէս կոչուած մտաւորականներուն», ըսուած է յայտարարութեան մէջ: «Այդ շարժանկարը Թուրքիոյ ոչ մէկ սրահի մէջ պիտի ցուցադրուի: Մենք կը հետեւինք զարգացումներուն մեր սպիտակ գլխարկներով եւ Ազրպէյճանի դրօշներով», կը նշուի յայտարարութեան մէջ:
Սպիտակ գլխարկը յստակ ակնարկութիւն մըն է Հրանդ Տինքի սպանութեան. վերջինիս մարդասպանը յանցագործութեան օրը սպիտակ գլխարկ կրած է:
Ըստ թուրք ազգայնականներուն, շարժանկարը առաջին քայլն է Թուրքիոյ Հայոց ցեղասպանութիւնը ճանչնալ ստիպելու ուղղութեամբ:


