ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան նախաձեռնութեամբ ու կազմակերպութեամբ, երկրորդ անգամ ըլլալով կազմակերպուեցաւ «Արարատեան» կարգը, որ կը նկատուի գերագոյն կարգը սկաուտական շարքերուն համար եւ որուն կը մասնակցին բարձրաստիճան խմբապետներ: Առաջինը տեղի ունեցած էր 2010-ին, 9-րդ ընդհանուր բանակումի նախօրեակին, իսկ երկրորդը տեղի ունեցաւ 10-րդ ընդհանուր բանակումին նախորդող 5 օրերուն ընթացքին, 26-էն 30 յուլիս 2014-ին, Բիւրական-Հայաստան:
Դասընթացքին պատասխանատուն էր Կեդրոնական վարչութեան սկաուտական ներկայացուցիչ Կարպիս Գապասագալեան, որուն կ՛օժանդակէր Կեդրոնական սկաուտական յանձնախումբէն Թալին Հինտոյեան` Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներու շրջանէն: Դասընթացքը ունի երեք հանգրուան` տեսական, գործնական եւ փորձառական:
Գործնական հանգրուանի դասընթացքին կը մասնակցին 7 կազմակերպական շրջաններէն` Արեւելեան եւ Արեւմտեան Միացեալ Նահանգներ, Լիբանան, Հարաւային Ամերիկա, Ֆրանսա, Սուրիա եւ Հայաստան, 26 միաւորի եւ մասնաճիւղի խմբապետ-խմբապետուհիներ, որոնք բաժնուեցան երեք աշխատանքային խմբակներու: Առօրեայ դրութեամբ անոնք ընտրեցին իրենց խմբապետական եւ աստիճանաւորական կազմերը` իրագործելու համար ծրագրուած յայտագիրը:
«Արարատեան» կարգի թեկնածուները գործնական հանգրուանին ներկայացուցին իրենց թեզը. անոնք տեսական հանգրուանին ըստ նախասիրութեան դասընթացքի գիտելիքներու ցանկէն ընտրած ու պատրաստած էին իրենց նիւթերը, որոնք կը ներառեն միութենական, ազգային, սկաուտական, հոգեբանական, քաղաքացիական եւ կրօնական գիտելիքներ, նիւթերու ներկայացումը կատարուեցաւ արդի միջոցներով, առիթ տրուեցաւ նաեւ միասնաբար քննարկելու զանոնք:
Թեկնածուները ներկայացուցին ստեղծագործութիւն մը, զոր մասնակիցները լսելէ եւ ուսումնասիրելէ ետք, որոշեցին արդի հաղորդակցութեան միջոցներէն օգտուելով կիրարկելի դարձնել իրենց շրջաններուն մէջ:
Թեկնածուներէն պահանջուեցաւ ներկայացնել իրենց հետ պատահած սկաուտական դէպք մը եւ անոր ստեղծած դժուարութեան դիմաց` իբրեւ պատասխանատու իրենց տուած լուծումը: Դէպքերու ներկայացումէն ետք, ներկաները թեր ու դէմ կարծիքներով առաւել եւս զարգացուցին իրենց փորձառութիւնը:
Դասընթացքի ընթացքին իւրաքանչիւր խմբակ ներկայացուց կազմակերպական աշխատանքի մը թղթածրարը` նիւթ ունենալով նոր մասնաճիւղի մը հիմնադրումը, խմբապետներու վերաորակաւորման դասընթացք մը եւ դաստիարակչական սեմինար մը:
Դասընթացքի յայտագիրին ընթացքին մասնակցողները կատարեցին կիրառական փորձեր սկաուտական արարողութիւններու եւ կարգապահական վարժութիւններու:
Դասընթացքը իր կարգին ունեցաւ իր բացառիկ ջերմ ընկերային կեանքը, որ առաւել եւս ամրապնդեց ու սերտացուց շրջաններու միջեւ գործակցութեան ոգին:
Գործնական հանգրուանի փակման արարողութիւնը տեղի ունեցաւ չորեքշաբթի, 30 յուլիս 2014-ին, կէսօրէ ետք ժամը 6:00-ին: ՀՄԸՄ-ի Կեդրոնական վարչութեան անունով Կարպիս Գապասագալեան խօսք առնելով նախ եւ առաջ գնահատեց դասընթացքի մասնակցող խմբապետ-խմբապետուհիները իրենց գործուն մասնակցութեան ու առաւելագոյն ճիգին համար: Ապա կարեւոր նկատեց իրենց ստանձնած պատասխանատուութեան ճամբով իրենց հետագայ յանձնառութիւնը եւ այն ակնկալութիւնները, որոնք կը սպասուին իրենցմէ, ըլլայ այդ սկաուտական շարքերէն թէ գերադաս աստիճանաւորներէ եւ մարմիններէ. փողկապներու տուչութենէն առաջ Գապասագալեան բացատրեց «Արարատեան» կարգի փողկապին իմաստը` նշելով, որ անիկա աշխատանքի լուծ է եւ կարելի չէ անկէ հրաժարիլ, ապա յանձնելով «Արարատեան» կարգի փողկապները մաղթեց վերանորոգ կամքով ու յանձնառու գիտակցութեամբ շարունակել իրենց վստահուած առաքելութիւնը եւ դառնալ մէյ մէկ Արարատ լեռ` ի խնդիր ՀՄԸՄ-ի նպատակին եւ հայ ժողովուրդի արդար դատի հետապնդման: Խօսքի վերջին բաժինով Գապասագալեան յորդորեց, որ անոնք 10-րդ ընդհանուր բանակումի տեւողութեան լաւագոյն ձեւով կատարեն իրենց փորձառական հանգրուանի աշխատանքները` արժանանալու համար «Արարատեան» կարգի վկայագիրին ու մետալին:
Դասընթացքին մասնակցող խմբապետ-խմբապետուհիները վերանորոգեցին իրենց սկաուտական խոստումը` իբրեւ հաւաստիք ու երաշխիք իրենց յանձնառութեան ու բարձրահնչիւն երգեցին «Յառաջ նահատակ» քայլերգը, ապա ինքնավստահ ու հաստատակամ քայլերով մուտք գործեցին 10-րդ ընդհանուր բանակումի բանակավայր:


