ԼԱԽՏ
Թուրքիոյ վարչապետ Ռեճեփ Թայիփ Էրտողան յայտնած է. «Ըստ իս, Տինքի գործը կապուած է միայն անոր անձին հետ: Այսինքն, Տինքին սպանութիւնը կատարուած է այն պատճառով, որ մարդոց համար անընդունելի էին անոր յօդուածներն ու աշխարհահայեացքը»:
Այլ խօսքով` այս հարցով գլխաւոր յանցաւորը Տինքն էր, իսկ սպանութիւնը` արդարանալի, որովհետեւ «մարդոց համար անընդունելի էին անոր յօդուածներն ու աշխարհահայեացքը»:
Տինքի յօդուածներն ու աշխարհահայեացքը եթէ մարդոց համար անընդունելի էին, թող այդ մարդիկը մարդավայել կերպով հակաճարէին: Տեսէք ինչպէս թուրք կիները հակադարձեցին Թուրքիոյ փոխվարչապետ Պիւլենթ Առընչին, երբ վերջինս կիներուն կոչ ուղղեց` հրապարակաւ բարձրաձայն չծիծաղելու: Անոնք թրքական «Թուիթըր»-ը ողողեցին ծիծաղի պահու իրենց ինքնանկարներով: Ըստ Էրտողանի «պայծառ» տրամաբանութեան, անոնք սխալ գործած են` պէտք էր սպաննէին «յանցագործ» Արընչը: Նոյն տրամաբանութեամբ` միլիոնաւոր քեմալականներ անընդունելի կը գտնեն Էրտողանի աշխարհահայեացքը, ուրեմն իրաւունք ունին սպաննելու «մեղաւոր» Էրտողանը:
Յակոբ Պարոնեան կը նշէ, որ հայհոյանքը փաստերու սով է, իսկ սպանութի՞ւնը` թերեւս մարդկայնութեան սով:


