Բանակի հիմնադրութեան 69-ամեակին առիթով` խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ շնորհաւորեց լիբանանեան բանակը եւ ողջունեց անոր նահատակները:
Ան դրուատեց բանակին կողմէ երկրին ապահովութեան պատասխանատուութեան ստանձնումը` նկատի ունենալով, որ Լիբանանի եւ շրջանային ապահովութեան առումով երկրին ապահովական կայունութիւնը կը մնայ հիմքը` դիմադրելու իսրայէլեան բռնարարքներուն եւ հաւատադրժողականներուն յարձակումներուն:
Պըրրի հաստատեց, որ ազգային միասնականութիւնը Լիբանանի պահպանումին հիմքը կը հանդիսանայ, իսկ լիբանանեան բանակին ու անոր առաքելութեան զօրակցութիւնը, անոր զինումն ու թուաքանակի բարելաւումը առաւելագոյն չափով կարեւոր են` անցընելու համար այդ վտանգաւոր հանգրուանը եւ հասնելու համար նախագահական ընտրութեան:
Միւս կողմէ, «Ժումհուրիա» օրաթերթին հետ իր ունեցած հարցազրոյցին ընթացքին Պըրրի շեշտեց, որ ինք կը մերժէ խորհրդարանի պաշտօնավարութեան երկարաձգումին հարցը քննարկել` աւելցնելով, որ իրեն համար առաջնահերթութիւնը նախագահական ընտրութիւնն է:


