Մուսթաքպալ պլոքի մէկ պատուիրակութիւնը երէկ գլխաւորութեամբ նախկին վարչապետ Ֆուատ Սինիորայի այցելեց Պքերքէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ:
Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ լիբանանեան բանակին հիմնադրութեան առիթով իրենք վարժ են Սպայից վարժարանի շրջանաւարտներու պաշտօնական հանդէսին, որ ցաւօք այս տարի տեղի չունեցաւ: «Այդ ցաւը պէտք է ըլլայ դրդապատճառը` ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը», ըսաւ ան:
Սինիորա յայտնեց, որ ինք Ռայի պատրիարքին փոխանցած է, թէ նախագահական ընտրութիւն չկատարելը մեծ բաց մը ստեղծած է` աւելցնելով, որ ոչինչ կրնայ հատուցել այն բացը, որ ստեղծուած է նախագահական աթոռին թափուր մնալով:
«Նախագահական ընտրութիւնը կը մնայ առաջնահերթութիւն», ըսաւ ան` աւելցնելով, որ Ռայի պատրիարքին հետ հանդիպումը կը միտի նախագահական ընտրութեան առումով խորհրդակցութիւնները աշխուժացնել:
Միւս կողմէ, Ռայի պատրիարքը շեշտեց 7 օգոստոս 2014-ի խորհրդարանական նիստին ընթացքին հանրապետութեան նախագահ ընտրելու կարեւորութիւնը` շեշտելով, որ անիկա ուղղակիօրէն լիբանանցիներուն արժանապատուութեան վերաբերող հարց է:
Նշենք, որ Մուսթաքպալ պլոքի պատուիրակութիւնը այցելեց նաեւ յոյն ուղղափառ համայնքի Պէյրութի առաջնորդ Էլիաս Աուտէ եպիսկոպոսին, որուն հետ քննարկեց նախագահական ընտրութեան անհրաժեշտութիւնը:
Հանդիպումէն ետք Սինիորա յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը չարիքին դիմաց Լիբանանի դռները բաց կը պահէ:


