
Ելեւմուտքի նախարար Ալի Հասան Խալիլ երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը, որուն հետ քննարկեց պետական պաշտօնեաներու, զինուորականներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձերու յաւելումները վաւերացնելու կարելիութիւնները:
Հանդիպումէն ետք տրուած մամլոյ ասուլիսի մը ընթացքին Խալիլ յայտնեց, որ հակառակ այդ մասին արձանագրուող դրական խորհրդակցութիւններուն, այդ թղթածրարին մասին տարակարծութիւնները առկայ են եւ անհրաժեշտ է շարունակել քննարկումները, մինչեւ որ կարելի ըլլայ համաձայնութեան մը գոյացումը:
Խալիլ ըսաւ. «Հարցը այլեւս ընտրանքի հարց է` կ՛ուզե՞նք, թէ՞ ոչ: Եթէ այո՛, ապա խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պատրաստակամութիւն յայտնած է ժամերու ընթացքին խորհրդարանը օրէնսդրական նիստի մը հրաւիրել, սակայն պայմանաւ որ քաղաքական ուժերը իրարու միջեւ համաձայնութիւն գոյացնեն»:
Ան աւելցուց, որ Պըրրիի համար աշխատավարձերու յաւելումներուն վաւերացումը առաջնահերթութիւն է:
Իր կարգին, Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդի նախագահ Հաննա Ղարիպ ըսաւ, որ խորհուրդը անշեղ կը մնայ պետական քննութիւններուն սրբագրութիւնը պոյքոթի ենթարկելու իր կեցուածքէն եւ կառչած կը մնայ չորեքշաբթի, 6 օգոստոս 2014-ին բողոքի նստացոյց կատարելու իր որոշումին:
Ան զգուշացուց պետական վկայականներուն փոխարէն դպրոցական վկայագիրներ յանձնելու քայլերէն` նշելով, որ աշխատավարձի յաւելումներուն մասին խորհրդակցութիւնները վերադարձած են զերօ կէտին:
Ղարիպ ընդգծեց, որ Սենտիքայական համակարգումի խորհուրդը կը մերժէ վերջին օրերուն ընթացքին պատասխանատուներուն միջեւ կատարուած խորհրդակցութիւններուն ուղղութիւնն ու բովանդակութիւնը:
Միւս կողմէ, Խալիլ երեկոյեան այցելեց Ռապիէ, ուր հանդիպում մը ունեցաւ Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի հետ` ներկայութեամբ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի:
Երկու ժամուան հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող մանրամասնութիւններ:
Անպաշտօն աղբիւրներ յայտնեցին, որ այդ հանդիպումին արդիւնքները դրական են` աւելցնելով, որ ներկաները որոշեցին խորհրդակցութիւնները շարունակել, մինչեւ որ կարելի ըլլայ իրաւունքը յանձնել իր տիրոջ` պահպանելով աշակերտներուն եւ ուսանողներուն շահերը:


