Միացեալ Նահանգներու Միջազգային կրօնական ազատութեան հարցերով գրասենեակի ղեկավար նշանակուած է Հայոց ցեղասպանութեան դատապարտման երկարամեայ ջատագով Տէյվիտ Սափերսթէյն: Ան այդ պաշտօնը ստանձնած առաջին ոչ քրիստոնեան է: Ամերիկայի Հայ դատի յանձնախումբը ողջունեց եւ շնորհաւորեց Սափերսթէյնը նոր պաշտօնին առիթով:
Տէյվիտ Սափերսթէյն Միացեալ Նահանգներու հրէական համայնքի առաջնորդն է, րաբբի եւ իրաւաբան: 2007 թուականի 30 մայիսին Միացեալ Նահանգներու քոնկրեսին ուղղուած նամակին մէջ ան գրած էր. «1915-1923 թուականներուն Հայոց ցեղասպանութեան ապրիլ քսանչորսեան ոգեկոչումը կրօնական եւ խտրականութիւններու հիման վրայ կատարուած ցեղային զտումներու դաժան յիշեցումն է: Աւելի քան 1.5 միլիոն հայերու կոտորածը, որ սկսած է 1915-ին, օսմանեան թուրքերուն կողմէ, եւ անոր յաջորդած 500 հազար հայերու աքսորը նորագոյն պատմութեան ամէնէն ցաւոտ եւ ամօթալի գլուխներէն է:
Կրօնական եւ ազգային անհանդուրժողականութիւնը խրախուսողները այսօր հանգիստ են իրենց գործողութիւններուն մէջ, որովհետեւ գիտեն, որ անցեալին մարդիկ չափազանց երկար լռած են նման անարդարութիւններու վերաբերեալ»:


