
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց Լիբանանեան համալսարանի նախագահ Ատնան Սէյիտ Հիւսէյնը, որուն հետ քննարկեց Լիբանանեան համալսարանին վերաբերող շարք մը հարցեր:
Հանդիպումէն ետք Սէյիտ Հիւսէյն յայտնեց, որ Լիբանանեան համալսարանի տարբեր բաժանմունքներու նախագահներուն նշանակումը համալսարանի վերակազմաւորման նախաքայլն է:
Ան աւելցուց, որ նշանակումները պիտի աւարտին սեպտեմբեր ամսուան ընթացքին, եւ իւրաքանչիւր համալսարան պիտի ունենայ իր խորհուրդը, որ իրաւասու է համալսարանի նախագահին հետ խորհրդակցելու` այդ բաժանմունքին վերաբերող յատուկ որոշումներ տալու նպատակով:
Սէյիտ Հիւսէյն շնորհակալութիւն յայտնեց Պըրրիի` մէջբերելով անոր այն արտայայտութիւնը, թէ Լիբանանեան համալսարանը Լիբանանի հանրապետութեան երկրորդ բանակն է:
Այն Թինէի մէջ Պըրրի հանդիպում մը ունեցաւ կրթութեան եւ բարձրագոյն ուսման նախարար Էլիաս Ապու Սաապի հետ: Քննարկուեցան պետական պաշտօնեաներու, ուսուցիչներու եւ զինուորականներու աշխատավարձի յաւելումներուն վերաբերող հարցեր:
Ֆիթրի տօնին առիթով Պըրրի շնորհաւորական հեռագիրներ ստացաւ Միացեալ Նահանգներու նախագահ Պարաք Օպամայէն, ինչպէս նաեւ նախարարներէ, երեսփոխաններէ եւ մեծ թիւով պետական անձնաւորութիւններէ:


