Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լիբանանեան Կարճ Լուրեր

August 1, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԱՌՈՂՋԱՊԱՀՈՒԹԵԱՆ նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Իրանի դեսպան Մոհամետ Ֆաթհ Ալին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները:

ՔՈԹՈՆՈՅԻ մէջ Լիբանանի պատուոյ հիւպատոս Ասաատ Շաղուրի սպաննուեցաւ գողութեան պատճառով:

ՈՒԺԱՆԻՒԹԻ եւ ջուրի հարցերու նախարարութեան հրապարակած նոր սակացոյցին համաձայն, 95 օքթան պենզինի թիթեղին սակը նուազած է 500 լ. ոսկիով, 98 օքթան պենզինի սակը` 400 լ. ոսկիով, մազութին սակը` 200 լ. ոսկիով, իսկ պիւթակազի շիշին սակը` 400 լ. ոսկիով:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ պատկերասփիւռի կայանը երկուշաբթի, 4 օգոստոսին մամլոյ եւ լսատեսողական տարբեր միջոցներու ներկայացուցիչները հանդիպումի մը պիտի հրաւիրէ` զօրակցելու համար Մուսուլի քրիստոնեաներուն հետ:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Քասեմ Հաշեմ յայտնեց, որ Կազայի դէմ պատերազմը Պաղեստինին եւ պաղեստինեան դատին վերջ տալու նպատակ ունի:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, չէ բացառուած, որ Իրաքի եւ Սուրիոյ մէջ պատահածը` քրիստոնեաները բռնագաղթի ենթարկելու առումով, տեղի ունենայ նաեւ Լիբանանի մէջ:

ԱՄԱԼ շարժումի պատասխանատու խորհուրդի անդամ Խալիլ Համտան կոչ ուղղեց ներքին կառչածութեան` յաւելեալ երկխօսութեան միջոցով պահպանելու համար լիբանանեան ազգային միասնականութիւնը:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ երեսփոխանական պլոքի անդամ Նիտալ Թոհմէ կոչ ուղղեց լիբանանցիներուն համախմբուելու բանակին շուրջ եւ անոր բացարձակ զօրակցութիւն յայտնելու:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի հետ իր ունեցած հանդիպումին ընթացքին հաստատեց, որ զօր. Միշել Աուն տակաւին Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն թեկնածուն է:

ԻՍԼԱՄԱԿԱՆ երկխօսութեան խորհրդաժողովը կոչ ուղղեց համախոհութեամբ ընտրելու հանրապետութեան միւֆթի մը` շարունակելու համար Տար Ֆաթուայի հոգեւոր առաքելութիւնը:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Ֆատի Քարամ շեշտեց, որ քրիստոնեաներուն եւ յատկապէս իրաքցիներուն դէմ գործուած բռնաճնշումները շատ վտանգաւոր են:

«ԱԽՊԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանեան ուժեր կուսակցութիւնը համաձայն պիտի չգտնուի խորհրդարանին պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու` առանց հանրապետութեան նախագահի ընտրութեան:

ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Ուաթան» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Լապուէի մէջ լարած է հրթիռներու մարտկոցներ, որոնց ուղղութիւնը դէպի Արսալ է:

ԱԶԳԱՅԻՆ ազատ հոսանք կուսակցութեան պատասխանատուներէն Անթուան Նասրալլա յայտնեց, որ Հըզպալլա իրենց կողքին կը կանգնի այն հարցերուն մէջ, որոնք ուղղակի իրենց կը վերաբերին:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Եասին Ժապեր շեշտեց, որ Մուսուլի մէջ պատահածը իսլամական կրօնին հետ կապ չունի, որովհետեւ իսլամական կրօնը սիրոյ կրօն է:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Սամիր Ժսըր շեշտեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի գործած արարքները իսլամական կրօնին հետ ոչ մէկ ձեւով կ՛առնչուին. ան աւելցուց, որ Թրիփոլիի մէջ կացութիւնը հանդարտ է:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Իսմայէլ Սըքքարիէ յայտնեց, որ զինուորական եւ ապահովական կառոյցներուն դիմագրաւելիք հիմնական մարտահրաւէրը ահաբեկչութիւնն է:

ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան նախագահի խորհրդական Ուեհպէ Քաթիշա յայտնեց, որ Մարատա հոսանքի ղեկավար, երեսփոխան Սլէյման Ֆրենժիէ նախագահական ընտրութեան Հըզպալլայի իսկական թեկնածուն է, որ սակայն կը պահուըտի Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աունի ետին:

ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն շեշտեց, որ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ իր առած քայլերով ոչ մէկ արդիւնքի պիտի կարենայ յանգիլ:

ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ժամալ Ժարրահ յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն վաւերացումը կրնայ իրականանալ:

ՎԱՐՉԱԿԱՆ բարեկարգումի պետական նախարար Նեպիլ տը Ֆրէյժ նշեց, որ պէտք չէ շատ լաւատես ըլլալ, թէ քարիւղը եւ կազը օր մը օրանց կրնան Լիբանանի տնտեսական տագնապալի իրավիճակը բարելաւել:

ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում պլոքի երեսփոխան Ալի Խրէյս յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան տագնապէն դուրս գալու միակ լուծումը Մարտ 14-ի եւ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերուն կողմէ զիջումներով կարելի է ապահովել:

ՆԱԽԿԻՆ նախարար Շարպել Նահհաս յայտնեց, որ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումներուն թղթածրարին լուծում գտնելու մասին սպրդեցուած տեղեկութիւնները իրականութեան չեն համապատասխաներ:

«ՏԻԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի ունեցած հանդիպումները իրենց արդիւնքները պիտի տան լիբանանեան քաղաքական տագնապին լուծման առումով:

«ՀԱՅԱԹ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով երեսփոխաններէ, կը գրէ, թէ պետական պաշտօնեաներու եւ ուսուցիչներու աշխատավարձի յաւելումները ֆինանսաւորելու նպատակով Յաւելուած արժէքի տուրքը 1 առ հարիւրով բարձրացնելու կարելիութեան առնչութեամբ  խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի վերապահութիւնը չքացած է:

ՄԱՐՈՆԻ համայնքի ընդհանուր խորհուրդի նախագահ Ուատիհ Խազեն շնորհաւորեց լիբանանեան բանակի հրամանատար զօր. Ժան Քահուաժին` բանակին հիմնադրութեան 69-ամեակին առիթով:

ԱՇԽԱՏԱՆՔԻ նախարար Սըժաան Քազզի յայտնեց, որ աշխատաւորներուն պարագային տարեկան դրութեամբ աշխատավարձի յաւելում տրամադրելու կարելիութիւնը տեսակէտ կամ ընտրանք չէ, այլ` պարտաւորութիւն:

«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի եւ երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի միջեւ խորհրդակցութիւնները կը կեդրոնանան խորհրդարանի պաշտօնավարութիւնը երկարաձգելու հարցին շուրջ:

ՍՈՒՐԻԱՅԷՆ կատարուած ռմբակոծումներուն պատճառով երէկ Հերմելի մէջ ռումբեր ինկած են:

Նախորդը

Լիբանանեան Ֆութպոլ. ՀՄԸՄ-ի Առաջին Մրցակիցը` Մապարրա

Յաջորդը

Զինեալ Խմբաւորում Մը Կը Պատրաստուի Հիւսիսային Լիբանանի Մէջ Առեւանգումներ Կատարելու Եւ Պատանդները Փոխանակելու Ռումիէի Բանտարկեալներուն Հետ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.