Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Խմբագրական. Լիզպոնի Խորհուրդները` 100-Ամեակի Նախաշեմին

July 26, 2014
| Անդրադարձ, Գլխաւոր լուրեր, Խմբագրական
0
Share on FacebookShare on Twitter

lizbon5-july28Լիզպոն երեւոյթին մասին հրապարակագրական այժմէականացում կատարող որեւէ փորձ քանի մը ուղղութիւններ անպայման նկատի կ՛ունենայ հայ ժամանակակից պատմութեան մէջ աննախադէպ այս արարքին ձգած հետեւանքները վերլուծելու պահուն:

Ժամանակահատուածի առումով` լիզպոնեան խոյանքէն 31 տարի ետք եւ Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակէն տարի մը առաջ, ոսպնեակները կը հրաւիրուին կեդրոնանալու Լիզպոնի մէջ պայթած ուժանակներուն յառաջացուցած տարբեր բնոյթի արձագանգներուն վրայ:

Ներազգային առումով Լիզպոնը, յատկապէս քաղաքական պայքարի դաշտ նետուած երիտասարդութեան մօտ արձանագրեց բարոյահոգեբանական հսկայական ոստում: Բարոյահոգեբանական հսկայական ալիքաւորումին ստեղծած մակընթացութիւնն է, որ մինչեւ այսօր պահանջատէր երիտասարդութեան մօտ կը շարունակէ ստեղծել հայութեան պայքարի եղանակի գագաթ նուաճած Լիզպոնի դիւցազունները գերագոյն հերոս նկատելու խորին խորհուրդներու ամբողջութիւնը:

Ուժանակներուն պայթումը ժամանակակից սերունդին մօտ քանդեց նաեւ անհաւասար կռիւի տեսութեան ձգած նպատակի անհասանելիութեան կարծրատիպը: Միաժամանակ զգաստացնելով բոլոր անոնք, որոնք ուժական պայքարը բացառելով, այլ ճանապարհներու մէջ կ՛որոնէին մեր իրաւունքներու վերատիրացման պայքարի եղանակները:

Լիզպոնը իր վրայ կեդրոնացուց աշխարհի ուշադրութիւնը: Այնտեղ նկատելու` արդար դատի մը համար իրենք զիրենք պայթեցնելու պատրաստ բանակի մը հնգանդամ փաղանգին  ետին երեւցած անգնահատելի ներուժը: Այդ ներուժին հետ հաշուի նստելու պարտաւոր էին ոչ միայն թշնամին, այլ նաեւ աշխարհաքաղաքականութեան ճարտարապետները: Ուրեմն կա՛ր, գոյութիւն ունէր միջավայր, որուն փոխանցած մթնոլորտը, ջամբած դաստիարակութիւնը կրնար որեւէ պահու կերտել, վերակերտել, անվերջ կերտել առաւելագոյնը զոհաբերողներու պատրաստ երիտասարդութիւնը:

Հայոց ցեղասպանութեան 100-ամեակի նախօրեակին այս միջավայրի, ներուժի գոյութեան վերյիշեցումը օգտակար կ՛ըլլայ ժխտողականութիւնը շարունակողին, անտարբեր մնացողին, հաշտեցման յանձնաժողովներ առաջադրողին, պատմաբաններու միացեալ քննարկումներ առաջարկողին, անմարդկային տեղահանութիւն բանաձեւումով խուսափում կատարողին, ընդհանուր ցաւերու համար ցաւակցութիւն յայտնողին եւ բոլոր անոնց տակաւին, որոնք ցեղասպանութիւնը քաղաքական խաղաթուղթի կը փորձեն վերածել:

Լիզպոնը հատու պատասխան է քաղաքական այդ աճպարարներուն: Լիզպոնը յայտարարութիւն է, որ այստեղ խաղ չկայ: Որ հայ ժողովուրդի պատմական իրաւունքները, բոլո՛ր իրաւունքները անսակարկելի են եւ որոնց վերականգնման համար մղուած ու մղուող պայքարին դէմ որեւէ փրոթոքոլ նշանակութիւն չի կրնար ունենալ:

Լիզպոնը պայքարելաձեւի այն գագաթն է, որուն վրայ ստուեր չեն յաջողիր ձգել արեւմտեան քարոզչամեքենաներու ստեղծած կարծրատիպերը` ազատագրական պայքարներու հասկացողութեան ձեւախեղումով: Ահաբեկչութեան նորօրեայ ընկալումը եւ այդ տեսակի ընկալման համար տարուող տեղեկատուական քաղաքականութիւնը ջնջած են մարդասպանութեան, զանգուածային սպանութեան եւ յեղափոխութիւններու ու ազատագրական պայքարներու միջեւ գտնուող հսկայական անջրպետը: Մէկ բառով կը պիտակաւորուին երբեմն այն աքթերը, որոնք կ՛ընդդիմանան բռնութիւններուն, մինչ կը նուիրականանան պետական մակարդակով կիրարկուող հակաահաբեկչական, բայց խորքին մէջ ահաբեկչական քաղաքականութիւնները:

Լիզպոնը այսօր փոխանցում ունի կատարելիք նաեւ մեր հայրենիքի գիւղերուն վրայ կրակողներուն, մեր սահմաններէն ներս ոտնձգութիւն կատարողներուն, սահմանապահ հայ զինուորներուն ուղղութեամբ կրակող արձակազէններուն, հայ սպան քունին մէջ կացինահարողներուն, մարդասպանները հերոսացնողներուն եւ հայ ժողովուրդին սպառնացողներուն: Հակառակորդի այս տեսակը եւս հաշուի նստելու պարտաւոր է Լիզպոնի օրինակ նուիրած ժողովուրդին հետ:

Լիզպոնը յուշարար է, պատասխան է, կամք է, գագաթնակէտ է: Լիզպոն կերտած ժողովուրդը կը կերտէ իր պատմական բոլո՛ր իրաւունքները:

Նախորդը

Տօն Այլակերպութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի (Վարդավառ)

Յաջորդը

Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.