Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Տօն Այլակերպութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի (Վարդավառ)

July 26, 2014
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

ԳԱՐԵԳԻՆ ԱԲՂՅ. ՇԽՐՏԸՄԵԱՆ

baydzaragerboutyounՍուրբ եկեղեցւոյ կեանքին մէջ տօները այն խնամակալներն են, որոնք հաւատացեալները զգաստ կը պահեն չնահանջելու իրենց հոգիի փրկութեան պատերազմին մէջ. աստուածային հիմք, սուրբ գրային ակունք եւ հոգեւոր նկարագիր ունեցող սուրբ եկեղեցւոյ տօները խորհրդածութեան առիթ կ՛ընծայեն հաւատացեալներուն եւ իրենց աստուածասքանչ խորհուրդներով, փրկութեան առաւե՛լ յոյս կը շնորհեն տօնախմբող հասարակութեան: Եկեղեցական տօները հաւատացեալը աշխատանքէ զերծ պահելու նպատակ չեն հետապնդեր, այլ ընդհակառակն` առօրեայ զբաղումներէ եւ աշխատանքներէ հանգիստ շնորհելով մեզ պարտաւորութեան առջեւ կը դնեն ամբողջութեամբ նուիրուելու Աստուծոյ փառաբանութեան եւ եկեղեցական արարողութեան:

Եկեղեցւոյ կեանքին մէջ, կարեւոր տօները կը կոչուին տաղաւար, որոնք թիւով հինգ են. այս տաղաւար տօներէն մէկը Քրիստոսի այլակերպութեան հրաշափառ տօնն է, զոր վաղը պիտի յիշատակենք:

Այլակերպութեան տօնը, Քրիստոսի աստուածութեան յայտնութեան յիշատակն է: Այլակերպութիւն կը նշանակէ կերպարանափոխութիւն կամ ձեւափոխութիւն: Քրիստոնեայ բոլոր եկեղեցիները տօնը այլակերպութիւն կը կոչեն. իսկ հայ եկեղեցին նաեւ պայծառակերպութիւն անունը կը գործածէ, Քրիստոսի մէջ ճառագայթող աստուածային փայլքն ու փառքը շեշտելու համար: Այլակերպութեան դէպքի ընթացքին Քրիստոս իբր Մեսիա եւ փրկիչ յայտնուեցաւ, մարգարէներէն գերագոյն, Սուրբ Հոգիին պայծառ լոյսին եւ Հօր Աստուծոյ վկայութեամբ: Տօնին դէպքին մասին կը կարդանք, թէ Յիսուս իրեն հետ առաւ Պետրոսը, Յակոբոս եւ Յովհաննէս եղբայրները եւ զանոնք բարձր լեռ մը հանեց, ուր առանձին էին: Հոն այլակերպուեցաւ անոնց դիմաց. իր դէմքը արեւու նման լուսաւոր դարձաւ եւ հագուստները լոյսի նման ճերմակ եղան եւ զիրենք ծածկեց ամպ մը, որուն մէջէն ձայն մը լսուեցաւ, որ կ՛ըսէր. «Այս է իմ սիրելի Որդիս, որուն ես հաճեցայ. անոր մտիկ ըրէք» (Մտ 17.1-13):

Տօնական օրերու հանդիսութիւններուն մէջ, եկեղեցական արարողութիւններէն անկախ, գոյութիւն ունին սերունդէ սերունդ փոխանցուած ժողովրդական եւ նոյնիսկ հեթանոսական շրջաններէն մնացած սովորութիւններ: Դժբախտաբար, հեթանոսական շրջանէն մնացած ազգային աւանդութիւններուն մասին միայն կցկտուր բաներ հասած են մեզի. այսպէս` այլակերպութեան տօնը նաեւ ծանօթ է Վարդավառ անունով: Ստոյգ է, թէ Վարդավառը հայ հեթանոսական շրջանէն մնացած տօնական անուն մըն է. բայց թէ ո՞ր աստուածութեան նուիրուած տօն մըն էր, այդ մասին հաստատ տեղեկութիւններ չունինք: Վարդավառ անունին շուրջ կը հանդիպինք երկու տարբեր մեկնաբանութիւններու եւ կարծիքներու.

Ա.- Ոմանք Վարդավառ բառին ետին վարդերով զարդարել նշանակութիւնը կը տեսնեն եւ տօնը կը նուիրեն սիրոյ չաստուածուհի Աստղիկին: Այս բացատրութեան ջատագովներէն հայր Ղեւոնդ Ալիշան կը գրէ, թէ հայերը իրենց Աստղիկ չաստուածուհիին մեծամեծ հանդէսներ կը կատարէին օգոստոս ամսուան սկիզբը, երբ հայոց բարձր լեռներուն վրայ գարնանային զովութիւն կը գտնուէր. եւ շարունակելու համար կ՛աւելցնէ, թէ Ս. Գրիգոր Լուսաւորիչ սոյն մեծապայծառ հեթանոսական տօնը փոխարինեց Քրիստոսի ամենապայծառ երեւման հետ, որ կատարուեցաւ Թափօր լերան վրայ:

Բ.- Ուրիշներ Վարդավառ բառը ստուգաբանելով, ջուր սրսկելու բացատրութիւնը կու տան, տօնին ջուրի պաշտամունք տալով եւ տօնը կը նուիրեն Անահիտ չաստուածուհիին` հայ դիցաբանութեան մէջ ամէնէն աւելի յարգուած եւ սիրուած դիցուհիին:

Անհրաժեշտ է գիտնալ, թէ հին հեթանոսական շրջաններէն մնացած այս սովորութիւնները, իրենց հին իմաստներէն դատարկուած են եւ վերածուած` ժողովրդային անմեղ սովորութիւններու, որոնք չեն խաթարեր եկեղեցւոյ կեանքն ու տօներուն խորհուրդը. սովորութիւններ են, որոնք խանդավառութիւն կը ստեղծեն: Վերջապէս, սիրելի՛ ընթերցող, Քրիստոս, որ պէտք չունէր աղօթելու, իր երկրաւոր կեանքը աղօթքով կ՛անցընէր. եւ այս անգամ Թափօր լերան վրայ աղօթքի պահուն այլակերպուեցաւ: Այլակերպութեան տօնը իւրաքանչիւր քրիստոնեայի աղօթքի հրաւէր մըն է, աղօթքի միջոցով հոգւով այլակերպուելու, պայծառակերպուելու եւ Քրիստոսի նմանելու հաւատքով. աղօթեցէ՛ք եւ քաջալերուեցէ՛ք, որովհետեւ Քրիստոս յաղթեց աշխարհին (Յհ. 16.33):

 

 

 

Նախորդը

Նախագահ Սարգսեան Հանրային Խորհուրդի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հասարակութիւնը Յուզող Հարցեր

Յաջորդը

Խմբագրական. Լիզպոնի Խորհուրդները` 100-Ամեակի Նախաշեմին

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

ՀՅԴ Երրորդութիւնը

November 24, 2026
Մէկ Ազգ, Բայց Մէ՞կ Համակարգ
Անդրադարձ

Ո՞վ Կը Վճռէ Հայաստանի Ապագան

November 24, 2026
Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն
Անդրադարձ

Մայրենիի Դեսպանը Ամերիկայի Ափերուն

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.