Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նախագահ Սարգսեան Հանրային Խորհուրդի Անդամներուն Հետ Քննարկեց Հասարակութիւնը Յուզող Հարցեր

July 26, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

7595_bՆախագահ Սերժ Սարգսեան նախանցեալ օր տեսակցեցաւ Հանրային խորհուրդի անդամներուն  հետ:

Նախագահին ներկայացուեցան  խորհուրդի տարբեր յանձնախումբերուն կողմէ ցարդ քննարկուած հասարակութիւնը  մտահոգող շարք մը հարցեր եւ անոնց վերաբերեալ խորհուրդին մօտեցումները, վերլուծութիւններու արդիւնքներն ու առաջարկները: Մասնաւորաբար, անդրադարձ կատարուեցաւ արտագաղթի խնդիրին, այդ երեւոյթին նպաստող պատճառներուն, հետեւանքներուն եւ կանխման կարելիութիւններուն, Եւրասիական տնտեսական միութեան Հայաստանի անդամակցութեան հոլովոյթին, անդամակցութեան պարագային Հայաստանի զարգացման նոր կարելիութիւններուն, սահմանամերձ գօտիի  ամրապնդման եւ անվտանգութեան ապահովման, հանքարդիւնաբերութեան եւ բնապահպանական խնդիրներուն, ելեկտրական հոսանքի սակերու   բարձրացման, կուտակային կենսաթոշակային համակարգի ներդրման հարցերուն, ինչպէս նաեւ սահմանադրութեան բարեփոխումներուն:

Նշուած հարցերուն վերաբերեալ Հանրային խորհուրդի անդամներուն տրուեցան  տեղեկութիւններ, ներկայացուեցան պետութեան կողմէ նշեալ ուղղութիւններով իրականացուող աշխատանքներն ու նախատեսուած ծրագիրները: Հանրային խորհուրդի նախագահ Վազգէն Մանուկեան տեղեկացուց, որ խորհուրդի անդամները աշխուժ քննարկումներ ունեցան սահմանադրական բարեփոխումներու  մասնագիտական յանձնախումբի նախագահին եւ անդամներուն հետ, ներկայացուցին բազմաթիւ առաջարկներ, որոնց մէկ մասը ընդունուեցաւ, սակայն Հանրային խորհուրդի անդամներուն  մօտ կան հարցեր, որոնց վերաբերեալ տակաւին  ընդհանուր մօտեցումներ չեն ստեղծուած  եւ որոնք նոր քննարկումներու կարիք ունին: Հանրապետութեան նախագահը հաստատեց, որ նման քննարկումներու համար տակաւին շատ երկար ժամանակ կայ:

Հանրային խորհուրդը նաեւ ներկայացուց  բազմաթիւ առաջարկներ սահմանամերձ գօտիի ամրապնդման եւ անվտանգութեան ապահովման խնդիրներուն շուրջ: Աշխուժ քննարկում տեղի ունեցաւ մասնաւորաբար սահմանամերձ գիւղերու բնակչութիւնը զինելու հարցին շուրջ, որուն նախագահը դէմ արտայայտուեցաւ եւ հանգամանօրէն ներկայացուց  այսօր արդէն առկայ բոլոր այն կարելիութիւնները, որոնք ստեղծուած են զինեալ  ուժերուն մէջ, զէնք բռնելու ունակ սահմանամերձ բնակիչներուն  համար:

Սերժ Սարգսեան  պատասխանեց խորհուրդի անդամները հետաքրքրող հարցումներուն:

Նաեւ քննարկուեցան խորհուրդի ապագայ գործունէութեան կապուած հարցեր:

 

 

Նախորդը

Երեւանի Մէջ Յուշ-Երեկոյ` Նուիրուած Լիզպոնի 5 Մարտիկներու Յիշատակին

Յաջորդը

Տօն Այլակերպութեան Տեառն Մերոյ Յիսուսի Քրիստոսի (Վարդավառ)

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.