
Վարչապետ Թամմամ Սալամ երէկ արտաքին գործոց եւ արտերկրի լիբանանցիներու հարցերու նախարար Ժըպրան Պասիլի հետ քննարկեց Մալիի մէջ ջախջախուած ալճերիական օդանաւին վերաբերող մանրամասնութիւնները:
Վարչապետ Սալամ Պասիլէն պահանջեց ճշդել այդ օդանաւին մէջ գտնուած լիբանանցիներուն ինքնութիւնները եւ գործակցիլ Մալիի իշխանութիւններուն հետ ու ամէն ջանք ի գործ դնել անոնց դիակները Լիբանան փոխադրելու առումով:
Այս առումով, Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլիի հետ եւ խնդրեց օժանդակել Լիբանանին:
Վարչապետը Պասիլի հետ քննարկեց նաեւ Պէյրութէն Մալի ուղղուող լիբանանեան պաշտօնական պատուիրակութեան ունենալիք առաքելութիւնը:
Վարչապետ Սալամ հեռաձայնային հաղորդակցութիւն մը ունեցաւ նաեւ խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրիի հետ, որուն ցաւակցութիւն յայտնեց ջախջախուած օդանաւին պատճառով սպաննուած լիբանանցիներուն համար:
Վարչապետ Սալամ շեշտեց, որ անոնց դիակներուն Լիբանան փոխադրութեան օրը ազգային սուգի օր պիտի յայտարարուի:
Սալամ վարչապետարանին մէջ ընդունեց Լիբանանի մէջ Սէուտական Արաբիոյ դեսպան Ալի Աուատ Ասիրին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ երկկողմանի յարաբերութիւնները:
Միւս կողմէ, վարչապետ Սալամի տեղեկատուական գրասենեակը հրապարակեց հաղորդագրութիւն մը, որուն մէջ ան Ֆիթրի տօնին առիթով շնորհաւորեց լիբանանցիները` շեշտելով, որ Ֆիթրի տօնին առիթով ինք շնորհաւորանքներ պիտի չընդունի:


