
Ներքին գործոց եւ քաղաքապետութիւններու հարցերու նախարար Նուհատ Մաշնուք երէկ նախարարութեան կեդրոնին մէջ նախագահեց Ապահովութեան կեդրոնական խորհուրդի նիստին, որուն ընթացքին քննարկուեցան լիբանանեան ապահովական իրադարձութիւնները, ինչպէս նաեւ որդեգրուող ապահովական միջոցառումները:
Միւս կողմէ, Մաշնուք յայտնեց, որ կառավարութեան կողմէ տրուած այն որոշումը, թէ այսուհետեւ բանակի գաղտնի սպասարկութիւնը առանց դատական իշխանութիւններուն կողմէ արձակուած բերման գիրի պիտի չկարենայ ձերբակալումներ կատարել, նուաճում է եւ ազատութեանց յաղթանակ:
Մաշնուք յայտնեց, որ այդ որոշումին նպատակը երկրին եւ յատկապէս Թրիփոլիի եւ Պեքաայի մէջ տիրող ատելութեան մեղմացումն է:


