Բանտէն իր ազատ արձակումին Թ. տարեդարձին առիթով` Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ երէկ յայտնեց, որ ինք կը փափաքէր այս առիթով քաղաքական յայտարարութիւններ չկատարել` նկատի ունենալով, որ քաղաքական արտայայտութիւնները մնայուն կերպով կը կրկնուին այս օրերուն: «Սակայն լուռ մնալ չի նշանակեր քաղաքականութենէ հրաժարիլ, որովհետեւ պայքարը քայլեր առնելէ լաւ է», ըսաւ ան:
Ժահժահ շեշտեց, որ բանտին մէջ զգացումը իսկական ահաբեկչութեան զգացում է` աւելցնելով, որ ինք բանտին մէջ արցունք թափած է, խնդացած, ապրած ու գոյատեւած օրական դրութեամբ աշխատանքային օրակարգ մը ունենալու հիման վրայ:
Ժահժահ բացումը կատարեց Մեհրապի մէջ իր բանտը խորհրդանշող բանտին` նշելով, որ անիկա իր կնոջ` երեսփոխան Սթրիտա Ժահժահի մտայղացումն է, նկատի ունենալով, որ ան իրեն հետ ապրած է բանտարկութեան բոլոր հանգրուանները:
Ժահժահ շեշտեց, որ ինք մտածած է Սթրիտայի մասին եւ պայքարած` աւելցնելով, որ բանտը իրեն կը յիշեցնէ Մայրիներու յեղափոխութիւնը, որովհետեւ Մայրիներու յեղափոխութեան շնորհիւ ինք դուրս եկած է բանտէն:
Ան դիտել տուաւ, որ այսօր Արեւելքի մէջ պատահածը նոյն հոլովոյթն է, որովհետեւ Արեւելքը կը փորձէ դուրս գալ բանտէն: «Արեւելքը սկսած է գրել իր իսկական պատմութիւնը, սակայն դժբախտաբար ամէնէն աւելի սուղ վճարելու գնով», ըսաւ Ժահժահ:
Ան հաստատեց, որ Լիբանանի մէջ բանտը մեծ է եւ ընդարձակ: «Բանտ մը առանց պատերու, սակայն մեծ ճնշումներով, զրկանքներով, երաշտով, սովով, պայթումներով, անձնասպանական գործողութեան հեղինակներով եւ հրթիռներով», նշեց ան:
Ժահժահ յայտնեց, որ իրենք մնայուն կերպով Նախ Լիբանան կ՛ըսեն, սակայն իրենց հակառակորդները մնայուն կերպով կը շեշտեն` նախ մենք եւ վերջը մենք:
«Բայց եւ այնպէս մենք դարձեալ պիտի ճեղքենք այս բանտին ճաղերը եւ դուրս պիտի գանք անկէ: Մեզի համար այսօր բանտը յուշ է, իսկ վաղուան համար այդ բանտը օրինակ պիտի դառնայ անոնց», եզրափակեց Ժահժահ:


