
ԱՖՓ լրատու գործակալութիւնը կը հաղորդէ, որ ՏԱՀԵՇ գետնի հաւասար ըրած է Մուսուլի ամէնէն հանրածանօթ սրբավայրերէն մէկը` Յովնան մարգարէի գերեզմանը:
Իսլամական ծայրայեղականները մէկ ժամ աշխատանք տարած են սրբավայրի տարբեր մասերուն մէջ ականներ զետեղելու համար: Ականատես մը ԱՖՓ-ին յայտնած է, որ զինեալները նախ արգելք հանդիսացած են այդտեղ աղօթելուն, անոր շուրջ եւ մէջ ականներ զետեղած են, ապա բազմաթիւ մարդոց առջեւ զայն պայթեցուցած:
Յովնան մարգարէն Աստուածաշունչին կողքին նաեւ նշուած է Քորանին մէջ:
Իսլամական պետութեան ժիհատականները Մուսուլի եւ անոր շրջակայքին մէջ նաեւ քանդած կամ վնասած են 30 այլ սրբավայրեր, ինչպէս նաեւ շիիներու եւ սիւննիներու մզկիթներ:


