
Հանրապետութեան միւֆթի շէյխ Մոհամետ Ռաշիտ Քապպանի երէկ Տար Ֆաթուայի մէջ ընդունեց Հաւատարմութիւն դիմադրութեան երեսփոխանական պլոքի նախագահ երեսփոխան Մոհամետ Ռաատը, որուն ընկերակցեցան երեսփոխան Քամել Ռիֆայի եւ նախկին երեսփոխան Ամին Շըրրի: Ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Տար Ֆաթուայի պատասխանատու կրօնաւորներէն շէյխ Շատի Մասրի:
Հանդիպումէն ետք Ռաատ յայտնեց, որ շրջանային իրադարձութիւնները իրենց ծանրութեամբ կը գերակշռեն ներքին լիբանանեան հարցերը` նշելով, որ Դիմադրութեան եւ պայքարի մասին նախանցեալ օր Լիբանանի մէջ հնչած արտայայտութիւնները պէտք է լուսարձակի տակ առնել: «Փառք Աստուծոյ, որ ոմանք անդրադարձան, թէ 2006-ի յուլիսեան պատերազմին ընթացքին Դիմադրութեան պայքարով է, որ կերտուեցաւ Իսրայէլի դէմ յաղթանակը, եւ իբրեւ այդպիսին պաղեստինցի ժողովուրդին եւ Կազային կոչ ուղղեցին տոկալու ու պայքարելու, ինչպէս էր պարագան լիբանանցիներուն», ըսաւ ան:
Ռաատ հարց տուաւ սակայն, թէ ինչպէ՞ս Պաղեստինի մէջ Դիմադրութիւնը վերջ պիտի տայ իսրայէլեան յարձակումներուն եւ պատերազմին, իսկ Լիբանանի մէջ Դիմադրութիւնը երկրին համար փորձանքի պիտի վերածուի:
Ռաատ շեշտեց, որ իր վստահութիւնը մեծ է Կազայի եւ պաղեստինցի ժողովուրդին նկատմամբ` ընդգծելով, որ Դիմադրութիւնը միակ եւ վերջնական միջոցն է յաղթելու Իսրայէլին եւ վերահաստատելու պաղեստինցիներուն արժանապատուութիւնը:
Պատասխանելով Հըզպալլայի եւ Մուսթաքպալ հոսանքին միջեւ յարաբերութեան մասին հարցումի մը` Ռաատ հաստատեց, որ այդ յարաբերութիւնը գրեթէ խզուած է:


