Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ նախանցեալ օր այցելեց Պէյրութի հարաւային արուարձաններ` ցաւակցութիւն յայտնելու համար Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղարի քաղաքական հարցերու օգնական հաժ Հիւսէյն Խալիլի` անոր մօր մահուան առիթով:
Ցաւակցական հանդիպումին ընթացքին Ժոմպլաթի եւ Հիւսէյն Խալիլի կողքին ներկայ գտնուեցաւ նաեւ Հըզպալլայի յարաբերականի պատասխանատու Ուաֆիք Սաֆան:
Միւս կողմէ, Ժոմպլաթ Քլեմանսոյի իր բնակարանին մէջ ընդունեց Հիուար կուսակցութեան նախագահ Ֆուատ Մախզումին, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան եւ շրջանային իրադարձութիւնները, յատկապէս Կազայի դէմ իսրայէլեան բռնաճնշումները:


