
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Սպիտակ տան մամլոյ քարտուղարի տեղակալ Էրիք Շուլց կը հաղորդէ, որ Միացեալ Նահանգներ տակաւին Ռուսիոյ դէմ յաւելեալ պատժամիջոցներ սահմանելու մտադրութիւն չունին:
Մամլոյ ասուլիսին ընթացքին անոր հարցուցած են Ռուսիոյ դէմ նոր պատժամիջոցներ սահմանելու հաւանական թուականի մասին: «Ո՛չ, կը կրկնեմ, մենք միշտ կը հետեւինք իրավիճակին եւ կը գնահատենք զայն, այնպէս որ ես չեմ կրնար ձեզի այսօր որեւէ բան յայտնել», ըսած է Շուլց:
Ան աւելցուցած է, որ Միացեալ Նահանգներ նախապէս արդէն հաստատած են պատժամիջոցներ, որոնք «կը թուլացնեն ռուսական տնտեսութիւնը»: «Այժմ մենք կը քննարկենք մեր զինանոցին մէջ գոյութիւն ունեցող բոլոր տեսակի գործիքները` յառաջ շարժելով», աւելցուցած է Սպիտակ տան ներկայացուցիչը:
Նախապէս Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութիւնը ընդլայնած են Ռուսիոյ դէմ պատժամիջոցները` Ուքրանիոյ մէջ տիրող իրավիճակին առնչութեամբ: Անոնք առնչուած են շարք մը դրամատուներու եւ մեծ ընկերութիւններու:
«Պլումպըրկ» կը գրէ, որ ուքրանական դէպքերուն ռուսական կողմին միջամտութիւնը ելեւմտական շուկաներուն մէջ Ռուսիոյ սուղ արժած է, իսկ մալեզիական օդանաւին կործանումէն ետք իրավիճակը աւելի վատթարացած է:
Մինչ Միացեալ Նահանգներու եւ Հնդկաստանի սակարանները հասած են պատմական առաւելագոյն ցուցանիշներու, Ռուսիոյ միջդրամատնային արժութային սակարանի ցուցանիշը նուազած է 4.2 առ հարիւրով եւ 28 միլիառ տոլարի կորուստ պատճառած:
Միւս կողմէ, «ՌԻԱ Նովոսթի» կը հաղորդէ, որ Ռուսիոյ պաշտպանութեան նախարարի տեղակալ Անաթոլի Անթոնով յայտնած է, որ յունիս-յուլիս ամիսներուն Ռուսիա իր տարածքին մէջ արձանագրած է Ուքրանիոյ կողմէ արձակուած 9 կրակոց:
Ըստ անոր, այդ ժամանակաշրջանին կրակած են սահմանապահներու ուղղութեամբ, բացի ատկէ, կրակոցներուն պատճառով մահացած է Ռուսիոյ բնակիչ մը:


