Երէկ երեկոյեան խումբ մը ԼԵՄ-ականներ (18 հոգի) ուղղուեցան Հայաստան` իրականացնելու «Անուշ հայրենիք» ընկերային-դաստիարակչական ծրագիրը:
ՀՅԴ ԼԵՄ-ը այս տարի իր ճամբարի ծրագիրը պիտի իրագործէ թէ՛ Հայաստանի եւ թէ՛ Արցախի մէջ` կարգախօս եւ բնաբան ունենալով «Դէպի ազատ, անկախ եւ միացեալ Հայաստան»-ը:
Այս տարի աշխատանքը պիտի կատարուի Կոտայքի մարզի Աբովեան եւ Հրազդան քաղաքներուն եւ Լեռնային Ղարաբաղի Հանրապետութեան Շուշի քաղաքին մէջ:
Երեք ծրագիրներուն նպատակն է Աբովեանի, Հրազդանի եւ Շուշիի հայ պատանիներուն մտքերուն ու հոգիներուն մէջ ամրապնդել ազգային- գաղափարական գիտակցութիւնն ու ոգին: Այս բոլորը պիտի կատարուին լաւապէս ծրագրուած եւ պատրաստուած ընկերային, դաստիարակչական, մտային եւ մարզական բնոյթի տարբեր յայտագիրներու ճամբով, որոնք ճամբարի մասնակիցներուն պիտի ներկայացուին ԼԵՄ-ականներուն կողմէ:
Հինգերորդ տարին ըլլալով ԼԵՄ-ը կ՛իրականացնէ «Անուշ հայրենիք» ծրագիրը, որուն ընդմէջէն ԼԵՄ-ականները կը միտին գործնականօրէն լծուիլ իրենց հայրենիքի ծառայութեան` կարելիութեան սահմաններուն մէջ եւ կ՛ամրապնդեն Հայաստան-Արցախ-սփիւռք կապը:
ՀՅԴ ԼԵՄ-Ի
ԿԵԴՐՈՆԱԿԱՆ ՎԱՐՉՈՒԹԻՒՆ


