Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Նալբանդեան. «Ժողովուրդները Պէտք Է Պատրաստել Խաղաղութեան Եւ Ոչ Թէ Պատերազմի»

July 24, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

23-07Nalbandian_Ashton22 յուլիսին Հայաստանի արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան Պրիւքսէլի մէջ մասնակցեցաւ Եւրոպական Միութեան եւ Արեւելեան գործընկերութեան արտաքին գործոց նախարարներու ժողովին, որուն ներկայ էին Եւրոպական Միութեան արտաքին քաղաքականութեան եւ անվտանգութեան հարցերով գերագոյն յանձնակատար Քեթրին Էշթըն, դրացնութեան եւ ընդլայնման հարցերով եւրոպական յանձնակատար Շթեֆան Ֆիւլէ:

Նախարար Նալբանդեան  իր խօսքին մէջ նշեց, որ Հայաստան կ՛ուզէ զարգացնել Եւրոպական Միութեան հետ գործընկերութիւնը, հիմնուելով վերջին տարիներուն միասնաբար ձեռք բերուած արդիւնքներուն եւ յառաջընթացին վրայ: «Վիլնիւսի գերաստիճանին Հայաստանը եւ Եւրոպական Միութիւնը վերահաստատեցին իրենց յանձնառութիւնը Արեւելեան գործընկերութեան ձեւաչափով շարունակելու եւ ամրապնդելու համագործակցութիւնը փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ, ընդգծելով մեր յարաբերութիւններուն իրաւական հէնքի թարմացման կարեւորութիւնը: Հայաստան կ՛ակնկալէ հետագայ քայլեր ձեռնարկել, Եւրոպական Միութեան հետ համագործակցութեան իրաւական նոր հիմքեր ստեղծելու նպատակով, որ մէկ կողմէ կ՛արտացոլացնէ Հայաստանի հետ բանակցութիւններուն ընթացքին ձեռք բերուածը, միւս կողմէ, նկատի կ՛առնէ նոր իրողութիւնները»,  ըսաւ Էդուարդ Նալբանդեան` նշելով, որ Եւրոպական Միութեան շարունակական օժանդակութիւնն ու աջակցութիւնը նշանակալի դեր ունին Հայաստանի մէջ բարեփոխումներու հոլովոյթի իրականացման, ժողովրդավարութեան եւ հաստատութենական կարողութիւններու ամրապնդման համար:

Հայաստանի արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի համագործակցութեան օրակարգը կը ներառէ բազմաթիւ մարզեր, քաղաքական երկխօսութենէն մինչեւ արդարադատութիւն եւ շարժունակութիւն, գաղթի հարցերէն մինչեւ հաստատութենական բարեփոխումներ եւ ներուժի աճ, եւ աւելցուց, որ Հայաստան պատրաստ է շարունակելու աշխատիլ փոխադարձ հետաքրքրութիւն ներկայացնող բոլոր մարզերուն մէջ: Նախարարը նշեց, որ մեր հասարակութիւններուն միջեւ շարժունակութեան ընդլայնումը ընդհանուր նպատակ է, եւ Հայաստան կ՛ուզէ սկսիլ մուտքի արտօնագրային դրութեան վերացման մասին երկխօսութեան` հիմնուելով մուտքի արտօնագիրի դրութեան դիւրացման համաձայնագիրներու յաջող փորձին  վրայ:

Նալբանդեան կարեւոր նկատեց մարտ 2014-ին ուժի մէջ մտած Եւրոպական Միութեան ծրագիրներուն մէջ Հայաստանի մասնակցութեան համար հիմնական սկզբունքներու մասին գործընկերութեան եւ համագործակցութեան համաձայնագիրի արձանագրութիւնը, որ կ՛արտօնէ մասնակցիլ Եւրոպական Միութեան տարբեր ծրագիրներուն եւ ընդլայնելու երկկողմ համագործակցութիւնը:

Խօսելով շրջանային համագործակցութեան մասին` նախարար Նալբանդեան շեշտեց, որ Թուրքիա շարունակելով փակ պահել Հայաստանի հետ սահմանը, կը խոչընդոտէ մեր երկկողմ յարաբերութիւններուն կարգաւորումը եւ Եւրոպական Միութեան հետ Հայաստանի հաղորդակցութեան եւ փոխադրական ուղիներու շահագործումը: Հակասական է, որ Թուրքիա իբրեւ երկիր մը, որ ցանկութիւն կը յայտնէ միանալու Եւրոպական Միութեան, փակած է իր սահմանը դրացի  պետութեան հետ այն պարագային, երբ Եւրոպական Միութեան տարածքին մէջ ազատ տեղաշարժը հիմնարար սկզբունք է: Էդուարդ Նալբանդեան ողջունեց Հերպըրթ Սալպերի նշանակումը` իբրեւ Հարաւային Կովկասի հարցերով Եւրոպական Միութեան յատուկ ներկայացուցիչ, յաջողութիւն մաղթեց անոր առաքելութեան մէջ:

Անդրադառնալով ղարաբաղեան հիմնահարցի լուծման հոլովոյթին` Հայաստանի Հանրապետութեան արտաքին գործոց նախարարը շեշտեց, որ ի պատասխան ԵԱՀԿ-ի Մինսքի խմբակի համանախագահ երկիրներու նախագահներու բազմաթիւ կոչերուն, Հայաստան, ի տարբերութիւն Ազրպէյճանի, շարունակաբար վերահաստատած է իր հաւատարմութիւնը միջազգային իրաւունքի սկզբունքներուն, մասնաւորապէս ուժի եւ ուժի սպառնալիքի չկիրարկման, ժողովուրդներու իրաւահաւասարութեան եւ ինքնորոշման եւ տարածքային ամբողջականութեան սկզբունքներուն  հանդէպ, եւ ցաւ յայտնեց Ազրպէյճանի մէջ քաղաքական կամքի բացակայութեան համար, որ կը դրսեւորուի միջնորդներու բոլոր առաջարկներուն շարունակական մերժումով: «Մենք ամբողջովին համամիտ ենք, որ ժողովուրդները պէտք է պատրաստել խաղաղութեան եւ ոչ թէ պատերազմի: Ցաւօք, Ազրպէյճան ամբողջովին հակառակը կ՛ընէ իր ռազմատենչ եւ սադրիչ հռետորաբանութեամբ, անհանդուրժողականութեան եւ ատելութեան քարոզներով, որ Արցախի եւ Հայաստանի հետ սահմանին վրայ կը յանգեցնէ շրջանին մէջ լարուածութեան եւ իրավիճակի սրման: Մենք նաեւ բարձր  կը գնահատենք Եւրոպական Միութեան կողմէ տարբեր առիթներով Մինսքի խմբակի համանախագահներու ջանքերուն արտայայտած ոչ երկիմաստ աջակցութիւնը, որոնք ուղղուած են հիմնահարցին բացառապէս խաղաղ լուծման», աւելցուց Է. Նալբանդեան:

Նալբանդեան Հանդիպում Ունեցաւ
Իտալիոյ Արտաքին Գործոց Նախարարի`
Ֆետերիքա Մոկերինիի Հետ

Աշխատանքային այցելութեամբ Պրիւքսէլ գտնուող արտաքին գործոց նախարար Էդուարդ Նալբանդեան հանդիպում ունեցաւ նաեւ Եւրոպական Միութեան մէջ նախագահող Իտալիոյ արտաքին գործոց նախարար Ֆետերիքա Մոկերինիի հետ:

Զրոյցին ընթացքին քննարկուեցան հայ-իտալական օրակարգի բազմաթիւ հարցեր, անդրադարձ կատարուեցաւ շարք մը շրջանային եւ միջազգային խնդիրներու, ինչպէս նաեւ Հայաստան – Եւրոպական Միութիւն յարաբերութիւններուն:

Նախորդը

Տեմիրթաշ. «Թուրքիոյ Մէջ Տակաւին Ժխտուող Հայոց Ցեղասպանութեան Հարց Գոյութիւն Ունի»

Յաջորդը

Մինսքի Խմբակի Համանախագահները Հանդիպեցան Հայաստանի Եւ Ազրպէյճանի Արտաքին Գործոց Նախարարներուն

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.