Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Ղարաբաղցի Գործարար Լեւոն Հայրապետեանի Ձերբակալման Հարց. Հայրապետեանին Տեղափոխեցին «Մատրոսսքայա Թիշինա» Մեկուսարանի Բուժարան

July 23, 2014
| Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

Գործարար Լեւոն Հայրապետեանի «ֆէյսպուք»-ի էջը կը տեղեկացնէ, որ Հայրապետեանի առողջական վիճակը նկատի առնելով, զինք տեղափոխած են «Մատրոսսքայա թիշինա» մեկուսարանի երրորդ յարկին վրայ գտնուող բուժարանը, մինչեւ բժշկական յանձնախումբի վերջնական որոշում տալը: Այս մասին տեղեկացուց Հայրապետեանի եղբօրորդին` Գուրգէն Հայրապետեան:

«Նախապէս տարածուած այն լուրերը, թէ Հայրապետեան տեսակցած է դստեր հետ, չեն համապատասխաներ իրականութեան»,  կ՛ըսուի արձանագրութեան մէջ:

Սահակեան. «Կը Դժուարանամ Հաւատալ,
Որ Լեւոն Հայրապետեան Կրնայ Առնչութիւն Ունենալ
Որեւէ Հակաօրինական Գործողութեան Հետ»

Գործարար Լեւոն Հայրապետեանի կալանաւորումը մեծ աղմուկ բարձրացուց Հայաստանի եւ Լեռնային Ղարաբաղի մէջ: Գնահատականներն ու տեսակէտները այս բոլորին վերաբերեալ տարբեր էին: «Երկիր» փորձեց նաեւ լսել Հայրապետեանի կալանաւորման վերաբերեալ Ազգային ժողովի նախագահ Գալուստ Սահակեանի կարծիքը:

«Անձամբ կը ճանչնամ Լեւոն Հայրապետեանը եւ բարձր կը գնահատեմ անոր բարեգործութիւնը հայրենիքի մէջ: Ես կը դժուարանամ հաւատալ, որ ան կրնայ առնչութիւն ունենալ ապօրինի որեւէ գործողութեան հետ: Ամէն պարագայի, աւելի առարկայական կարծիք յայտնելու համար անհրաժեշտ է հետեւիլ նախաքննութեան ընթացքին: Իւրաքանչիւր հայ մարդ, բնականաբար, պատրաստ է օրէնքի ծիրին մէջ աջակցելու Լեւոն Հայրապետեանին», ի պատասխան «Երկիր»-ի հարցումին ըսաւ Ազգային ժողովի նախագահը:

Յայտնենք, որ լրագրողներու հետ զրոյցին ընթացքին, անդրադառնալով Հայրապետեանի կալանաւորման հարցին, Հայաստանի  վարչապետ Յովիկ Աբրահամեան յայտարարած էր. «Կրնան Լեւոնը բռնել, վաղը` Պարխուտարը, միւս օրը` Սիմոնը, ի՞նչ կապ ունի ինծի հետ, ընդհանրապէս: Մենք շատ շնորհակալ ենք բոլոր բարերարներուն, բայց եթէ մարդիկ օրէնք կը խախտեն եւ կը կալանաւորուին, մենք ի՞նչ ընենք»:

Ղարաբաղի Իշխանութիւնները Պիտի Հետապնդեն
Հայրապետեանին Հարցը

Պաշտօնական Ստեփանակերտը անհամբեր կը սպասէ Լեւոն Հայրապետեանի ազատ արձակման լուրին: Երէկ լրագրողներուն հետ զրոյցին ընթացքին Լեռնային Ղարաբաղի վարչապետ Արա Յարութիւնեան յայտարարեց, որ ցաւով տեղեկացած են արցախցի բարերարին  կալանաւորման լուրը:

Ղարաբաղի վարչապետը համոզում յայտնեց, որ գործարար Հայրապետեան  չի կրնար  կապ ունենալ յանցագործութեան հետ: Ան նաեւ վստահեցուց, որ Լեռնային Ղարաբաղի իշխանութիւնները պիտի հետապնդեն Հայրապետեանին հարցը:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային Ժողովի
Խմբակցութիւնները Կոչ Կ՛ուղղեն
Կալանքէն Ազատել Հայրապետեանը

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի բոլոր խմբակցութիւնները եւ պատգամաւորական խումբը երէկ հրապարակեցին յայտարարութիւն մը` կոչ ուղղելով անմիջապէս փոխելու Մոսկուայի մէջ կալանաւորուած  հայազգի գործարար Լեւոն Հայրապետեանի նկատմամբ խափանման միջոցը:

«Մենք կ՛առաջնորդուինք անմեղութեան կանխավարկածով եւ ձեռնպահ կը մնանք նաեւ քաղաքական գնահատականներէ: Ըլլալով  հայրենասէր մարդ, Լեւոն Հայրապետեան  տարիներ շարունակ իր հայրենիքին` Արցախի մէջ իրականացուցած է բազմաթիւ  բարեգործական ծրագիրներ` նպաստելով մեր երկրի ընկերային-տնտեսական զարգացման», ըսուած է Ղարաբաղի խորհրդարանի ՀՅԴ, «Ժողովրդավարութիւն», «Հայրենիք» խմբակցութիւններու եւ «Արցախատուն» պատգամաւորական խումբի յայտարարութեան մէջ: «Նախաքննութեան մարմինը առանց ձգձգելու պէտք է փոխէ  խափանման միջոցը` ազատելով զայն կալանքէ, նկատի  առնելով նաեւ Լեւոն Հայրապետեանի առողջական վիճակը: Մեր կարծիքով, իբրեւ օրինապաշտ քաղաքացի եւ բարձրակիրթ անձնաւորութիւն, Լեւոն Հայրապետեան ազատութեան մէջ գտնուելով, համակողմանի աջակցութիւն կը ցուցաբերէ նախաքննութեան եւ օգտակար կ՛ըլլայ պարզելու այն հարցերը, որոնք  կը հետաքրքրեն Ռուսիոյ  քննչական մարմինը»:

Լեռնային Ղարաբաղի Ազգային ժողովի խմբակցութիւնները եւ պատգամաւորական խումբը կատարուածը կը նկատեն իբրեւ ցաւալի թիւրիմացութիւն եւ համոզուած են, որ Ռուսիոյ  իրաւապահ մարմինները կը յաջողին իրականացնել առարկայական եւ համակողմանի հետաքննութիւն, որուն իբրեւ արդիւնք կ՛ապացուցուի Հայրապետեանի անմեղութիւնը:

Դաւիթ Իշխանեան.
«
Այդ Ձերբակալութիւնը Մտահոգիչ Է»

հայրապ-260x114«Ոեւէ հայ կամ ղարաբաղցի, չեմ կարծեր, որ անտարբեր պիտի մնայ Լեւոն Հայրապետեանի ձերբակալութեան նկատմամբ, ու այդ ձերբակալութիւնը բաւական լուրջ մտահոգութիւն յառաջացուցած է», «Երկիր»-ին յայտնեց ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչ Դաւիթ Իշխանեան:

Ան յայտնեց, թէ հեռու ըլլալով ամէն ինչ անձնաւորելէ, այսուհանդերձ ինք կու գայ նշելու, որ Հայրապետեան իր ուրոյն դերակատարութիւնը ունեցած է, ունի եւ պիտի ունենայ: Ըստ Իշխանեանի, Հայրապետեան առանցքային դեր ունի ղարաբաղեան հոլովոյթներուն մէջ` ըլլայ քաղաքական, թէ տնտեսական, կամ այլ ասպարէզներուն մէջ: «Յամենայն դէպս, Հայրապետեան, միշտ մեր կողքին ըլլալով, մենք անոր չենք դիտարկեր զուտ իբրեւ Լեւոն Հայրապետեան անձ, այլ այնպիսի դէմք մը, որ ունի իր դերակատարութիւնը թէ՛ լոպիինկի աշխատանքներուն մէջ, թէ՛ տնտեսական զարգացման, թէ՛ բարեգործական, թէ՛ բոլոր` նոյնիսկ ընկերային ու ժողովրդագրական մարզերուն մէջ», նշեց Իշխանեան:

Անդրադառնալով այն հարցումին, թէ ինչո՞վ պայմանաւորուած էր Լեւոն Հայրապետեանի ձերբակալութիւնը, ՀՅԴ Արցախի Կեդրոնական կոմիտէի ներկայացուցիչը նշեց, որ կարելի է տարբեր վարկածներ մէջտեղ բերել` քաղաքական, տնտեսական, ազրպէյճանական լոպիինկի դերակատարութիւն եւ այլն, եւ դժուար է ըսել, թէ ո՞ր մէկը իրականութեան մէջ դերակատարութիւն ունեցած է, որովհետեւ բոլոր վարկածներն ալ կարելի են, բայց նշեց, որ անոնցմէ ոչ մէկն ալ ընդգծուած կամ առանձնացող չէ: «Միայն մէկ բանի վստահ եմ, որ ազրպէյճանական կողմը` լոպին, ցնծութեան մէջ է` բանտարկուած տեսնելով այդպիսի լուրջ դերակատար անձնաւորութիւն մը: Բայց նաեւ յոյս ունիմ, որ շատ կարճ ժամանակ ետք Լեւոն Հայրապետեան ազատ արձակուի ու գտնուի մեր կողքին: Այսպէս ալ մեր կողքին է, բայց այն պարագային նաեւ ֆիզիքապէս մեր կողքին պիտի ըլլայ», իր խօսքի աւարտին յոյս յայտնեց Դաւիթ Իշխանեան:

 

Նախորդը

Վարչապետ Սալամ Ընդունեց Զօր. Միշել Սլէյմանը Եւ Այցելեց Խորհրդարանի Նախագահին

Յաջորդը

Լիոնի Մէջ. Բացում` Հայաստանի Գլխաւոր Հիւպատոսութեան

RelatedPosts

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի  Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը
Գլխաւոր լուրեր

Հրապարակուեցաւ Հայաստանի Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը

November 24, 2026
Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփի Ուղերձը՝ ԹՐԻՓՓ-ի Գործնական Փուլի Պաշտօնական Մեկնարկումին Առիթով

November 24, 2026
Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը  Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել,  Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը.  Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»
Գլխաւոր լուրեր

Վատեֆուլ. «Եթէ Հայաստանն Ու Ազրպէյճանը Յաջողին Խաղաղութեան Պայմանագիր Կնքել, Ատիկա Պիտի Կայունացնէ Շրջանը. Ատկէ Պիտի Շահինք Նաեւ Մենք` Եւրոպայի Մէջ»

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.