
Նախկին նախագահ զօր. Միշել Սլէյման վերահաստատեց Լիբանանի ապահովական կառոյցներուն աշխատանքին կարեւորութիւնը` երկրին ապահովական կայունութիւնը պահպանելու իմաստով:
Ան բարձր գնահատեց ապահովական կառոյցներուն միջեւ տեղեկութիւններու փոխանակումը` նշելով, որ անիկա կ՛երաշխաւորէ ահաբեկչական տարբեր գործողութիւններու ձախողեցումը:
Սլէյմանի այցելեց ներքին գործոց նախարար Նուհատ Մաշնուք, որ նախկին նախագահին հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս ապահովական իրավիճակը:
Սլէյման ընդունեց նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուրը եւ Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթի զաւակը` Թայմուր Ժոմպլաթը:


