Հըզպալլայի ընդհանուր քարտուղար սէյիտ Հասան Նասրալլա ուրբաթ, 25 յուլիս 2014-ին, կէսօրէ ետք պիտի ուղղէ ճառ մը` Երուսաղէմի համաշխարհային օրուան առիթով:
Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ նկատել տուին, որ սէյիտ Նասրալլայի ճառը զուտ պաղեստինեան օրակարգով կը նախատեսուի ըլլալ:
Նշենք, որ Պէյրութի հարաւային արուարձաններուն մէջ սկսած են ապահովական խիստ միջոցառումներ որդեգրուիլ` նկատի ունենալով, որ Երուսաղէմի օրուան նշումը պիտի կատարուի Սէյիտ Շուհատա համալիրին մէջ:


