ԵԼԵՒՄՈՒՏՔԻ նախարար Ալի Հասան Խալիլ յայտնեց, որ ինք ապօրինի կերպով ոչ ոքի ամսական աշխատավարձ պիտի տրամադրէ: Խալիլ յայտնեց, որ աշխատավարձերը իրենց իրաւատէրերուն կը հասնին միայն մէկ ճամբով` խորհրդարանէն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ երեսփոխան Ֆարիտ Խազեն յայտնեց, որ Մուսթաքպալ հոսանքին եւ նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի հետ համախմբումին երկխօսութիւնը տակաւին ընթացքի մէջ է:
ԱՐԴԱՐՈՒԹԵԱՆ նախարար Աշրաֆ Ռիֆի յայտնեց, որ Թրիփոլիի բնակիչները կը նկատեն, որ ապահովական միջոցառումներ որդեգրելու առումով Թրիփոլիի եւ Պեքաայի միջեւ հաւասարակշռութիւն չկայ:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ վարչապետ Թամմամ Սալամը եւ կրթութեան նախարար Էլիաս Ապու Սաապը տեղեակ պահած է, թէ ինք պատրաստ է Փիեռ Եարետը պահել իբրեւ Լիբանանեան համալսարանի բժշկական հիմնարկի նախագահ:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, հինգշաբթի, 24 յուլիսին տեղի ունենալիք կառավարութեան նիստը փորձ մը պիտի ըլլայ նախարարաց խորհուրդը հրաւիրելու իր պատասխանատուութիւններուն ստանձնումին:
ԺԱՄԱԱ Իսլամիէի քաղաքական գրասենեակի նախագահ Ազզամ Այուպի յայտնեց, որ շրջանին մէջ իրանեան ծրագիրին արձանագրած յառաջդիմութիւնը յարանուանական բաժանում պատճառած է:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Անթուան Անտրաուոս յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը չեն ընդառաջած նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած նախաձեռնութեան, պարզապէս որովհետեւ անոնք ուղղակիօրէն կապուած են նախագահական աթոռը թափուր պահելու օրակարգին:
ՓԱՂԱՆԳԱՒՈՐ կուսակցութեան երեսփոխան Սամիր Սաատէ յայտնեց, որ Թրիփոլիի մէջ կատարուած ձերբակալումները անտեղի եղած են` աւելցնելով, որ անհրաժեշտ է երկրին մէջ ապահովական ծրագիրը իմաստուն կերպով գործադրել:
ՔՈՒԷՅԹԵԱՆ «Ռայ» օրաթերթին համաձայն, նախագահական ընտրութեան առումով յաջորդող շաբաթները անհրաժեշտ պիտի ըլլան եւ անկիւնադարձային:
ԱՍՈՐԻՆԵՐՈՒ լիկայի նախագահ Հապիպ Աֆրամ սէուտական «Ռիատ» օրաթերթին հետ ունեցած իր հարցազրոյցին ընթացքին զարմանք յայտնեց, որ ինչպէ՛ս Իրաքի քրիստոնեաները վերջ գտած են` միջազգային կատարեալ լռութեան մէջ:
ՄՇԱԿՈՅԹԻ նախարար Ռեմոն Արայժի յայտնեց, որ Մարտ 8-ի քաղաքական ուժերը կառավարութեան նիստին պիտի մասնակցին դրական տրամադրութեամբ եւ բաց սրտով:
«ՆԱՀԱՐ» օրաթերթին համաձայն, Լիբանանի մէջ պապական նուիրակ Կապրիէլ Քաչիա հանդիպում մը պիտի ունենայ մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ` քննարկելու համար նախագահական ընտրութիւններուն թղթածրարը:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի ընդհանուր քարտուղար, երեսփոխան Իպրահիմ Քանաան յայտնեց, որ 2014-ի պետական պիւտճէի նախագիծը տակաւին ոչ մէկ նիստի ընթացքին քննարկուած է:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Համասի ներկայացուցիչ Ալի Պարաքէ յայտնեց, որ հակառակ Սուրիոյ նկատմամբ իրենց ունեցած տարակարծութիւններուն, Հըզպալլայի եւ Համասի միջեւ գործակցութիւնն ու խորհրդակցութիւնները կանգ չեն առած:
«ԺՈՒՄՀՈՒՐԻԱ» օրաթերթը, իր տեղեկութիւնները քաղելով դիւանագիտական աղբիւրներէ, մտահոգութիւն յայտնեց, որ Հըզպալլա կրնայ պաղեստինեան եւ լիբանանեան հրապարակները միասնականացնել:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի քաղաքական խորհուրդի անդամ Մուսթաֆա Ալլուշ շեշտեց, որ իրենք գիտեն, թէ գետնի վրայ ի՛նչ կը ներկայացնեն` աւելցնելով, որ նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի քաջ գիտէ, որ իր ժողովրդականութիւնը գետնի հաւասար է:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Մարիօ Աուն շեշտեց, որ նախկին վարչապետ Ռաֆիք Հարիրիի նախաձեռնութեան մէջ դրական կէտեր կան` աւելցնելով նաեւ, որ կան որոշ կէտեր, որոնց համամիտ չեն կրնար ըլլալ:
ՍԷՈՒՏԱԿԱՆ «Օքազ» օրաթերթին համաձայն, ներքին լիբանանեան եւ անոր կապուած արտաքին պայմանները նախագահական ընտրութիւն կատարելու երբեք յարմար չեն:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի երեսփոխան Ալեն Աուն շեշտեց, որ իրենք մարոնի համայնքի Պշարա Ռայի պատրիարքին հետ տարակարծիք չեն` նախագահական աթոռին թափուր մնալու դրութեան վերջ տալու իմաստով:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան երեսփոխան Անթուան Զահրա յայտնեց, որ սահմանադրական հաստատութիւններուն աշխատանքը անկարելի է կանոնաւորել հանրապետութեան նախագահին բացակայութեան:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի ընդհանուր քարտուղար Ահմետ Հարիրի յայտնեց, որ հարցը Հըզպալլայի զէնքին հետ է, որովհետեւ անիկա ծայրայեղութիւն արտադրող գոյքի վերածուած է:
ՓՈՓՈԽՈՒԹԻՒՆ եւ բարեկարգում համախմբումի անդամ, երեսփոխան Եուսեֆ Խալիլ յայտնեց, որ նախագահական աթոռին թափուր մնալը ունի ներքին եւ արտաքին հարցեր, որոնք լուծման կարիք ունին:
ՍԱԼԱՖԱԿԱՆ աղբիւրներ «Ախպար» օրաթերթին յայտնեցին, որ իրենք կը փափաքին շէյխ Հուսամ Սապպաղի ձերբակալումին հարցը լուծել` առանց լիբանանեան պետութեան հետ հարցեր ստեղծելու:
ՊԱԱՍ կուսակցութեան ընդհանուր քարտուղար Ֆայեզ Շքըր շեշտեց, որ Կազայի դէմ բռնարարքներն ու պատերազմը բացայայտած են սիոնական ոճրային մտքին ճշմարտութիւնը:
ՆԱԽԿԻՆ նախարար Քերիմ Բագրատունի յայտնեց, որ ռամատանէն ետք խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի պիտի առաջադրէ նախաձեռնութիւն մը` լուծելու համար նախագահական տագնապը`
աւելցնելով, որ ինք իր գրաւը դրած է այդ նախաձեռնութեան վրայ:
ՀԻՒՍԻՍԱՅԻՆ Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաար յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի շրջագիծին մէջ գործողները մարդկութեան եւ կրօնի հետ կապ չունին:
ԹԱՈՒՀԻՏ հոսանքի նախագահ, նախկին նախարար Ուիամ Ուահապ յայտնեց, որ պաղեստինեան դիմադրութեան կամքը շրջանին մէջ տիրող տարազները գլխիվայր դարձուցած է:
ԱՐՏԱՔԻՆ գործոց նախարար Ժըպրան Պասիլ Պաթրունի մէջ սարքուած իֆթարի մը ընթացքին յայտնեց, որ իւրայատկութեան պահպանումը եւ մասնակցութեան ապահովումը միացեալ պատասխանատուութիւն է:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ժողովրդավարական կուսակցութեան նախագահ, երեսփոխան Թալալ Արսլան շեշտեց, որ լիբանանեան քաղաքական վարչակարգը վարակուած է անբուժելի փտածութեամբ:
ԱԶԱՏԱԳՐՈՒՄ եւ բարգաւաճում երեսփոխանական պլոքի անդամ Միշել Մուսա շեշտեց, որ նախագահական ընտրութեան յատուկ խորհրդարանի նիստին պատկերը ոչ մէկ փոփոխութիւն արձանագրած է` աւելցնելով, որ երկրին պետական հաստատութիւնները կարելի չէ խանգարել:
ԺՈՂՈՎՐԴԱՎԱՐԱԿԱՆ հանդիպում երեսփոխանական պլոքի անդամ Ֆուատ Սաատ յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ի կողմէ Մուսուլի մէջ քրիստոնեաներուն բռնաճնշումներն ու հալածանքը միջազգային ընտանիքին զգաստութեան գալը կ՛ենթադրէ:


