
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ լրատու գործակալութիւնը կը գրէ, որ Թուրքիոյ մէջ լայնածաւալ յատուկ գործողութեան մը իբրեւ արդիւնք երկուշաբթի գիշեր ձերբակալուած է ոստիկանութեան 55 աշխատակից, ներառեալ` անվտանգութեան շրջանային վարչութիւններու բաժիններու ղեկավարներ:
Գործողութիւնը կատարուած է երկու հանգրուանով` միաժամանակ երկրի 25 շրջաններու մէջ:
Ձերբակալութիւնները կատարած է Անվտանգութեան գլխաւոր վարչութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի բաժինը:
Միայն Պոլսոյ մէջ ձերբակալուած է երեսուն ոստիկան:
Կը հաղորդուի, որ յատուկ գործողութեան համար հիմք ծառայած է այն տեղեկութիւնը, որ ստացած են քննիչները Թուրքիոյ քաղաքացիներու, ներառեալ` կառավարութեան անդամներու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու անօրինական գաղտնալսման հարցով:
Գաղտնալսումով զբաղած են ոստիկանութեան մէջ գործող «Սելիամ Թաուհիտ» գաղտնի կազմակերպութեան անդամները: Այդ կառոյցը կը կասկածուի 2.2 հազարէն աւելի մարդու հեռաձայնային հաղորդակցութիւններու անօրինական ձայնագրման համար: Այդ մարդոց մէջ կան քաղաքական գործիչներ, լրագրողներ եւ ակադեմական շրջանակներու ներկայացուցիչներ:
Ձերբակալուածները կը կասկածուին անձնական կեանքի, քննութեան գաղտնիութիւնը եւ անձնական ունեցուածքի անձեռնմխելիութիւնը խախտելու, պաշտօնական փաստաթուղթեր եւ ապացոյցներ կեղծելու համար:
Նշենք, որ ձերբակալեալներու շարքին է Պոլսոյ ոստիկանութեան ահաբեկչութեան դէմ պայքարի նախկին ղեկավար Եուրթ Աթայուն:


