Ընկերվար յառաջդիմական կուսակցութեան ղեկավար, երեսփոխան Ուալիտ Ժոմպլաթ շեշտեց նախկին վարչապետ Սաատ Հարիրիի առաջադրած ճամբու քարտէսին իր զօրակցութիւնը` նշելով, որ ազգային երխօսութիւնը միակ լուծումն է պահպանելու երկիրը եւ զայն հեռու պահելու բոլոր կողմերէն հարուածող կրակին եւ բոցերուն:
Ժոմպլաթ ընդգծեց, որ Լիբանանի համար առաջնահերթութիւն է ընտրել հանրապետութեան նոր նախագահ մը` աւելցնելով, որ նախագահական ընտրութենէն առաջ ոչ մէկ հարց կարելի է քննարկել:
Ժոմպլաթ յայտնեց, որ նախագահական ընտրութեան համախոհական թեկնածուի մը շուրջ համաձայնելու համար Փոփոխութիւն եւ բարեկարգում համախմբումի նախագահ, երեսփոխան զօր. Միշել Աուն եւ Լիբանանեան ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ պէտք է իրենց թեկնածութիւնը յետս կոչեն:
Ան նշեց, որ այնքան ատեն որ Ժահժահ եւ զօր. Աուն ի զօրու կը պահեն իրենց թեկնածութիւնը, ապա նախագահական ընտրութեան տագնապը պիտի երկարի:


