Lentra.ru` վկայակոչելով Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան փորձագէտներու եզրակացութիւնը, կը հաղորդէ, որ Թեհրան մինչեւ անվտանգ մակարդակ իջեցուցած է իւրանիոմի հարստացման ծրագիրը:
Ըստ միջազգային գործակալութեան, Իրան դադրեցուցած է իւրանիոմի 20 առ հարիւրով հարստացումը: Ատիկա կատարուած է Նաթանզ եւ Ֆորտօ հիւլէական կայաններուն մէջ համապատասխան սարքաւորումներու անջատման միջոցով:
Յառաջիկային Միացեալ Նահանգներն ու Եւրոպական Միութեան երկիրները պէտք է ապասառեցնեն Իրանի 100 միլիառ տոլար հաշիւներէն 2.8 միլիառը: Եւրոպական Միութիւնը կէս տարիով պիտի դադրեցնէ պատժամիջոցները` Իրանի քարիւղի եւ դրամատնային մարզերուն նկատմամբ:
Անցեալ տարի Իրանի եւ Վեցեակին միջեւ ձեռք բերուած համաձայնութեամբ Թեհրան պէտք է կէս տարիով դադրեցնէ հիւլէական սարքերու աշխատանքը, ձերբազատի մինչեւ 20 առ հարիւր հարստացուած իւրանիոմի պաշարներէն եւ հրաժարի Արաքի մէջ հնոցի կառուցումէն: Անցեալ շաբաթ կողմերը համաձայնած էին յաւելեալ չորս ամիսով երկարաձգելու Իրանի հիւլէական ծրագիրին շուրջ բանակցութիւնները:


