Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Իսրայէլ-Կազա Տագնապին Արձագանգը` Ֆրանսայի Մէջ

July 22, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

21-07Sarcelles«Տի Ինտիփենտընթ» կը հաղորդէ, որ կ՛աճի այն մտավախութիւնը, որ Իսրայէլ-Կազա տագնապը կրնայ փոխադրուիլ Ֆրանսայի թաղամասերը: Կիրակի գիշեր Կազայի զօրակցութեան ցոյց մը երկրորդ օրն ըլլալով բռնարարքներու վերածուած է: Փարիզի հիւսիսային արուարձաններէն Սարսելի մէջ հրեաներու պատկանող խանութներ եւ ինքնաշարժներ հրկիզուեցան ու թալանուեցան:

Ֆրանսայի ներքին գործոց նախարար Պեռնար Քազենեւ երէկ յայտնեց. «Երբ սինակոկներու կը սպառնաս եւ խանութ մը կը հրկիզես, որովհետեւ հրեաներու կը պատկանի, դուն հակասեմական արարքներ կը գործես… ատիկա անթոյլատրելի է: Իսրայէլի դէմ բողոքի ցոյցերը օրինական են: Ոչինչ կրնայ այսպիսի բռնարարք արդարացնել»:

Շաբաթ կէսօրէ ետք նոյնպիսի ցոյց մը տեղի ունեցած էր հիւսիսային Փարիզի մէջ: 30 անձեր ձերբակալուած էին եւ 18 ոստիկաններ վիրաւորուած, երբ երիտասարդներ ոստիկանութեան վրայ քարեր ու շիշեր նետեցին: Կիրակի գիշեր Սարսելի մէջ եւս 18 երիտասարդներ ձերբակալուած են:

Ֆրանսայի վարչապետ Մանուէլ Վալս զգուշացուց, որ Ֆրանսա կը դիմագրաւէ «հակասեմականութեան նոր ձեւ մը», որ հրահրուած է ծայրայեղ ձախին եւ երգիծաբան Տէօտոնէյի նման քաղաքական գործիչներու կողմէ, որոնք աշխարհի դիմագրաւած բոլոր հարցերուն համար հրեաները կ՛այպանեն: Ան նշեց, որ Իսրայէլի դէմ եւ պաղեստինցիներուն զօրակցող ցոյցեր արտօնուեցան շարք մը այլ քաղաքներու մէջ, եւ անոնք առանց միջադէպի աւարտեցան:

Չորեքշաբթի եւ շաբաթ օր դարձեալ նմանօրինակ ցոյցեր նախատեսուած են, եւ կառավարութիւնը այն մտավախութիւնը ունի, որ «համաճարակը» կրնայ տարածուելով ֆրանսական բազմացեղ այլ խնդրայարոյց արուարձաններ եւս վարակել:

 

Նախորդը

Ռուսիա Դադրեցուցած Է Մոլտովայէն Պահածոյ Բանջարեղէններու Ներածումը

Յաջորդը

Իրան Հրաժարած Է Բարձր Համեմատութեամբ Հարստացուած Իւրանիոմէն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.