Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ

July 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Շաբաթ, 2 յուլիս 2011-ի երեկոյեան ժամը 7:00-ին, Ազգ. «Յառաջ-Գ. Կիւլպէնկեան» վարժարանի շրջափակին մէջ, հովանաւորութեամբ ու ներկայութեամբ Գեղամ արք. Խաչերեանի, տեղի ունեցաւ քոլեճի ամավերջի հանդէսը, որուն աւարտին երկրորդականի ու նախակրթարանի աշակերտները ստացան վկայական:

Հանդիսութեան ներկայ էին նաեւ քահանայ հայրեր, քաղաքապետը, «Ուըրլտ վիժըն» կազմակերպութեան Պեքաայի տնօրէնը, շրջանի ազգային երեսփոխանը, Ազգային առաջնորդարանի դիւանապետը, Ուսումնական խորհուրդի գործավարը, վարժարանի խնամակալութիւնը, Ս. Պօղոս եկեղեցւոյ Թաղական խորհուրդի անդամներ, պատկան մարմիններու ներկայացուցիչներ, ուսուցիչներ, ծնողներ ու բարեկամներ:

Լիբանանի ու Հայաստանի քայլերգներու յոտնկայս ունկնդրութենէն ետք, բացման խօսքը կատարեց տնօրէն Արմէն Թաշճեան, որ այս հանդէսը նկատեց ոչ միայն վկայականներու բաշխման հանդիսութիւն, այլեւ` վարժարանի 70-ամեակը եւ վերանկախացած Հայաստանի 20-ամեակը նշող տօնակատարութիւն:

Վեհափառ հայրապետին կողմէ 2011 թուականը «Հայ մանուկի տարի» հռչակուելուն առիթով, տնօրէնը դիտել տուաւ, որ հայ դպրոցը կը հանդիսանայ հայ մանուկի ինքնութեան պաշտպանութեան ու անվրէպ զարգացումին հարազատ երաշխաւորը:

««Յառաջ» բնաբանի թագադրումը մեր ազգային վարժարանին եղաւ յանձնառութիւն այդ բնաբանի նշանակութեան եւ աներեր հաւատարմութիւն իր հիմնադիրին` Շաւարշ Միսաքեանի ուխտին», եւ շարունակելով իր խօսքը` տնօրէնը անդրադարձաւ Մուսա Լերան ժողովուրդի երթով սերունդներու մղած գոյապայքարին:

Գեղարուեստական-բեմական ներկայացումը սկսաւ «առաջին զանգ»ով, ազդանշանը տալու, որ հայ մանուկը ուղղուի դէպի հայկական վարժարան, իր պապիկին ու մամիկին ընկերակցութեամբ հերոսամարտի զոհերուն իր յարգանքի տուրքը մատուցելէ ետք: Աւարտական կարգի աշակերտները պարային մուտքով «ջահ»ը փոխանցեցին կրտսերներուն, ապա «Յառաջ» քայլերգի կշռոյթին տակ Զ. եւ ԺԲ. դասարանի շրջանաւարտները բեմ բարձրացան:

Երգչախմբային կատարումները (խմբավարութեամբ` Շողեր Թասլաքեանի) բեմական շարժումներով միախառնուած` մեծ հետաքրքրութիւն ու խանդավառութիւն ստեղծեցին, «Կաքաւիկ»ը, «Մեղու»ն, «Երաժշտական նոթ»երը յայտնագործեցին ճարտարութիւնն ու համարձակութիւնը աշակերտներուն, որոնք թարգմանը հանդիսացան հայ վարժարանին մէջ հայ մանուկի կենսուրախութեան:

Ձեռնարկը տարբեր մէջբերումներով եւ խօսքի ընդմիջումներով վարող հանդիսավարները` վարժարանի աշակերտներէն Ալին Կէօքճեան եւ Վարանդ Տումանեան, վաղամեռիկ բանաստեղծ Պետիկ Հերկելեանի մահուան 25-ամեակին առթիւ, ներկայացուցին անոր գրիչին պատկանող «Եթէ կրնաս…», «Բառը», «Թռէ՜ք, մանուկներ…» բանաստեղծութիւնները: Քոլեճի աւարտական դասարանի աշակերտները նուագի ընկերակցութեամբ հնչեցուցին Վահագն Դաւթեանի «Հաւատում եմ քեզ»ը, իսկ նախակրթարանի աւարտականը դարձեալ խմբային ասմունքով ներկայացուց համադրուած փունջ մը` Ժագ Ս. Յակոբեանի «Դպրոցն ահա…», «Մեր դպրոցը» եւ «Խրախուսանք» բանաստեղծութիւններէն:

Ազգագրական մեր պարերն ու նազպարը տարբեր փայլք տուին հանդէսին, երբ նախակրթարանի պարախումբը` «Ազատ ոգին Հայաստանի»ով, քոլեճի պարախումբը «Իլիկներու պար»ով ու «Եարխուշտա»ով խանդավառեցին ներկաները:

Տնօրէն Արմէն Թաշճեան բեմ հրաւիրեց օրուան պատգամախօս «Վանայ Ձայն»ի քաղաքական հայերէն լրատուութեան խմբագիր ու հաղորդավար Շողեր Գառնէշեան-Մխճեանը, որ յուզումնախառն շեշտով վերապրեցաւ իր աշակերտական պահերը այս վարժարանին մէջ, որ` «քարեղէն կառոյց մը չէ լոկ, այլ` մարդակերտումի եւ հայակերտումի հնոց, ուսման ու գիտութեան շտեմարան եւ ամէնէն աւելի` մեր ճամբան լուսաւորող փարոս»:

Պատգամախօսը ընդլայնեց իր ընդգծած եզրերը` ծառայասիրութիւն, հեզութիւն, ընկերասիրութիւն ու այլ յատկանիշներ, որոնք կենսական են նորօրեայ կեանքի պայմաններուն ու զարգացումներուն առընթեր: Առ այդ, ան կոչ ուղղեց քայլ պահելու առօրեային հետ, միեւնոյն ժամանակ կառչած մնալով աւանդութեանց, հայկական ինքնութեան եւ հայկական մշակութային ժառանգութեան: «Կոչուած ենք ամէն գնով պաշտպանուելու եւ տարբեր պայմաններու տակ հայկական հեռաւոր գաղթօճախներէն ծնունդ առած եւ այժմ Լիբանան հասած սպիտակ ջարդը դիմակալելու»:

Ան անդրադառնալով վարժարանի հիմնադրութեան 70-րդ տարեդարձին` ըսաւ. «Այս վարժարանը, որ իր սէգ ու խրոխտ կեցուածքով դարձած է մեր սիրելի գիւղին ամբողջ պատմութեան լուռ վկան, այն պատնէշն է, որ մեր զաւակները կը պաշտպանէ օտարամոլութեան մոլուցքէն եւ ապազգային դրսեւորումներէն»:

Վեհափառ հայրապետին կողմէ «Հայ մանուկի տարի» հռչակման առթիւ, պատգամախօս Շ. Մխճեան շեշտեց կարեւորութիւնը յարատեւ կերպով հայ մանուկի խնամքին ու հոգատարութեան, հեռու մնալու դժբախտ երեւոյթներէ, որոնք կրնան խաթարել մեր հայ իրականութիւնը:

«Եւ վերջապէս, մեզ համախմբող իրադարձութիւններու եռանկիւնը կը համալրուի Հայաստանի վերանկախացման տարեդարձով». պատգամախօսը նշեալ տօնախմբութիւնը ամփոփեց պետականութեան ամրապնդման ու պահանջատիրական երթը շարունակելու ուխտով:

ԺԲ. դասարանի հայերէն, արաբերէն ու անգլերէն լեզուներով ուղերձներու ընթերցումներէն ետք, տնօրէն Արմէն Թաշճեան երախտագիտութեան ու մրցանակաբաշխութեան բաժինով վարժարանին անունով շնորհակալութիւն յայտնեց բոլոր այն բարերարներուն, որոնք նիւթական իրենց աջակցութեամբ սատար կը հանդիսանան վարժարանին առաքելութեան ու զարգացման, նաեւ երախտագիտական զգացումներ փոխանցեց բոլոր այն անձնաւորութեանց, որոնք բարոյական իրենց ներդրումով զօրավիգ կը կանգնին վարժարանին: Ապա ան անդրադարձաւ տարեշրջանի ընթացքին վարժարանին արձանագրած պատուաբեր արդիւնքներուն, մասնաւորաբար` պրըվէի պետական քննութեանց Ա. հանգրուանի արդիւնքներուն, «Ազդակ» օրաթերթի մանկապատանեկան յաւելուածին կազմակերպած մրցանքներուն, ինչպէս նաեւ` Կիլիկիոյ կաթողիկոսութեան մրցանքներուն:

Այնուհետեւ, տնօրէնը կարդաց մրցանակակիր աշակերտներուն անունները, որոնց ելոյթը խրախուսիչ պատկեր մը պարզեց ներկաներուն դիմաց, երբ անոնց թիւը կ՛անցնէր վաթսունը:

Հանդէսի վկայականաց բաշխման հանդիսութեամբ, տնօրէնը իր խօսքը ուղղելով նախակրթարանի աւարտականներուն` ըսաւ. «Ասկէ ետք ձեր խօսքը անպայմանօրէն աշխատանքի յանձնառութիւն կ՛ենթադրէ»: Առ այդ, ան մաղթեց, որ անոնք հետեւողական աշխատանքով յառաջանան եւ իւրացուած արժէքներու ճամբով կերտեն նկարագիր:

Իսկ ԺԲ.ի շրջանաւարտներուն ուղղած իր խօսքին մէջ տնօրէն Ա. Թաշճեան ընդգծեց իրենց հոգիներուն մէջ վառ պահելու այն անմար ջահը, որ փոխանցուեցաւ գալիք սերունդներուն, եւ` «վարժարանին կողմէ տրուած վկայականները զրահն են գալիք հանգրուաններուն, յուշարարն են դաստիարակներու կողմէ ջամբուած խրատներուն ու ցուցմունքներուն, գրաւը, յոյսն ու հպարտութիւնը վարժարանին»:

Առաջնորդ սրբազան հօր, գիւղի քաղաքապետին, պատգամախօսին ու վարժարանի տնօրէնին ձեռամբ տեղի ունեցաւ վկայականներու տուչութիւնը, որմէ ետք սրբազան հայրը տուաւ իր պատգամը:

Ան օրուան մարտահրաւէրներով արծարծեց «Յառաջ» նախակրթարանի նախկին տնօրէն Յակոբ Մախուլեանի բանաձեւած մէկ կարգախօսը, որ կ՛ըսէր` «Մենք լեռն ենք տակաւին, թող ետ գայ թշնամին»: Իր պատգամով առաջնորդ սրբազանը կոչ ուղղեց շրջանաւարտներուն` կառչելու «լերան» եւ «լեռը» ընտրելու իբրեւ գործադաշտ:

Հանդիսութեան աւարտին տեղի ունեցաւ հրավառութիւն, որմէ ետք շրջանաւարտները ընդունեցին շնորհաւորութիւնները հանդիսականներու երկար շարքերուն:

Վկայական ստացան.

Զ. դասարան

Արտակ Կէօքճեան, Սագօ Գազանճեան, Ալեքսանտրա Քիւսպեքեան, Սօսէ Գազանճեան, Դալար Քենտիրճեան, Բալիկ Գաբրիէլեան, Սարել Չափարեան, Ցոլեր Տումանեան, Սագօ Թասլաքեան, Դրօ Զէյթլեան, Սէրուժ Հագիսեան, Կրասիա Թեճիրեան, Վարանդ Մեթլեան, Քրիստել Հաճեան, Մեղեդի Կիւտեշեան, Մհեր Գէորգեան, Մարիա Հապեշեան, Նարէ Պաթուզեան, Նարէ Քէշիշեան, Հրակ Քէշիշեան:

ԺԲ. դասարան

Րաֆֆի Թասլաքեան, Ճոյս Գարակէօզեան, Փոլին Սագարեան, Ալին Շաննաքեան, Սարին Թոփալեան, Վաչէ Տաղլեան, Մարիա Փալազեան, Իսկուկ Տումանեան:

Նախորդը

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

Յաջորդը

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ ԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՐԱԳԱ՞Յ ՄԸՆ Է

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.