Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ԱԶԳԱՅԻՆ ԵՂԻՇԷ ՄԱՆՈՒԿԵԱՆ ՔՈԼԵՃԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆԱՑ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԷՍ

July 12, 2011
| Անդրադարձ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Չորեքշաբթի, 6 յուլիսի` երեկոյեան ժամը 8:00-ին, «Սիրան Մանուկեան» սրահին մէջ տեղի ունեցաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի ԺԲ. դասարանի ամավերջի հանդէսն ու վկայականաց բաշխումը:

Հանդէսին բացումը կատարեցին ԺԲ. դասարանի աշակերտները երգելով Լիբանանի, Հայաստանի եւ վարժարանի քայլերգները: Ապա անոնք ներկայացուցին հանդէսին թեման` «Դողդոջ քայլերով երէկ եկանք, հաստատ քայլերով այսօր կը մեկնինք»: Աշակերտները ըսին, թէ մանկապարտէզի մէջ ինչպէս կը պարէին, կ՛երգէին ու կ՛արտասանէին` ցոյց տալով,թէ այդ բոլորը հիմա ինչպէս կ՛ընեն: Այսպէս, անոնք հրամցուցին հայկական պար մը, մեներգներ եւ ասմունք:

Ներկայացումէն ետք, շրջանաւարտները պաշտօնապէս մտան սրահ` ներկաներուն յոտնկայս ծափերուն կշռոյթին տակ:

Բեմ բարձրանալէ ետք, Մարիա Եագուպեան եւ Բարտի Մարատեան ներկայացուցին Ժըպրան խալիլ Ժըպրանէն արաբերէն հատուած մը. ապա ԺԱ. դասարանէն Նանոր Գալայճեան հայերէն ուղերձով բարի երթ մաղթեց շրջանաւարտներուն: Շրջանաւարտներուն անունով անգլերէնով հրաժեշտի խօսք արտասանեց Խաժակ Կէօքճեան եւ, վերջապէս, դասարանին անունով հայերէն ուղերձը մատուցեց Նանոր Պալապանեան, որ խօսեցաւ պահուն թէ՛ յուզումնալից եւ թէ՛ ուրախալի ըլլալուն մասին: Ան յիշեց, թէ ինչպիսի գեղեցիկ օրեր ու տարիներ անցուցած են ինք ու իր ընկերները քոլեճին տաքուկ յարկին տակ: Ն. Պալապանեան երախտագիտութեան եւ շնորհակալութեան ջերմ խօսքեր ուղղեց քոլեճի տնօրէնութեան, ուսուցիչներուն եւ ծնողներուն:

Աշակերտներուն արտասանած խօսքերէն ետք բեմ բարձրացաւ Ազգ. Ե. Մանուկեան քոլեճի տնօրէն Սեդա Պոյաճեան, որ իր խօսքը բացաւ մէջբերումով մը Գեղամ արք. Խաչերեանէն, որ վարժարանին 25-ամեակին առիթով կազմակերպուած կալային  կը հաստատէր, թէ այս վարժարանը Լիբանանի լաւագոյն դպրոցներէն է: Ս. Պոյաճեան ըսաւ. «Լաւապէս ճանչնալով այս վարժարանը ու մօտէն հետեւելով անոր հոլովոյթին` սին յայտարարութիւն մը չէր անշուշտ սրբազան հօր կատարածը: Ան քաջ գիտէ, որ շուրջ 20 տարիներուն մեր աշակերտները եւ մեր շրջանաւարտները` իրենց ուսուցիչներուն առաջնորդութեամբ եւ նուիրումով եւ իրենց` աշակերտներուն իսկ ճիգով ու աշխատանքով կրցած են տարբեր մրցոյթներու, պետական քննութիւններու փայլուն արդիւնքներ ապահովել, աւելի ուշ փայլելու համար նաեւ համալսարաններու ու իրենց ընտրած կեանքի ասպարէզներուն մէջ»:

Ս. Պոյաճեան թուեց անցնող տարուան ընթացքին աշակերտներուն արձանագրած յաջողութիւնները` շարք մը մրցանքներու մէջ: Ան շեշտեց նաեւ, որ վարժարանին պետական քննութիւններուն արդիւնքները այս տարի եւս փայլուն են յատկապէս պաքալորէայի պարագային, ուր յաջողութեան համեմատութիւնը 100 առ 100 էր:

Խօսելով հայ դպրոցի դերակատարութեան եւ կարեւորութեան մասին` տնօրէնուհին ըսաւ. «Դպրոցը, մանաւանդ հա՛յ դպրոցը սփիւռքի մեր պայմաններուն մէջ կիզակէտ է` ամէն իմաստով: Հայ դպրոցը մեր գաղութի ընկերութեան  մէկ փոքրիկ խճանկարն է եւ, բնականաբար, ինչ որ կը գտնենք մեր ընկերութեան մէջ` յոռի ախտեր, օտարամուտ երեւոյթներ, բայց նաեւ, ինչու չէ, ընտանեկան սրբութիւն, ամէն գնով հայ մնալու տենչ, առողջ հետաքրքրութիւն` մեր շրջապատին եւ աշխարհի անցուդարձերուն հանդէպ, կը գտնենք նաեւ մեր դպրոցներուն եւ հաստատութիւններուն մէջ: Կը հաւատամ, որ փոքր տարիքին տան եւ դպրոցին դաստիարակութիւնը կենսական դերակատարութիւն ունին մեր զաւակներուն այս կամ այն ձեւով զարգացումին մէջ: Կարեւորը անոր ամուր հիմերու վրայ հաստատումն է, ինչպէս որ ամուր են այս վարժարանին հիմերը` շնորհիւ անոր հիմնադիր տնօրէններուն` Սարգիս Չոլոյեանի, տոքթ. Բաբգէն Փափազեանի եւ Մանուշակ Պոյաճեանի, որոնց աշխատանքին եւ նուիրումին իբրեւ գնահատանք` սեպտեմբերին յատուկ ձեռնարկով մը կոթող մը պիտի զետեղուի տնօրէնութեան շէնքին մուտքին»:

Ս. Պոյաճեան շնորհակալութեան խօսք ուղղեց վարժարանի խնամակալութեան, ուսուցչական կազմին եւ պաշտօնէութեան, ինչպէս նաեւ` բոլոր այն կազմակերպութիւններուն, միութիւններուն, հիմնադրամներուն եւ անհատ բարերարներու, որոնք իրենց նիւթական եւ բարոյական օժանդակութեամբ նեցուկ կանգնած են վարժարանին:

Խօսքը ուղղելով շրջանաւարտներուն` Ս. Պոյաճեան ըսաւ. «Նախորդ 12 տարիներուն քայլ առ քայլ բարձրացաք Ա. դասարանէն մինչեւ ԺԲ. դասարան` երբեմն հեզասահ, երբեմն որոշ դժուարութեամբ, մարմնով ու մտքով աճելով, ընդհանուր եւ մասնագիտական գիտելիքներով հարստանալով, հայեցի դաստիարակութեամբ եւ այս քոլեճին յատուկ աւանդով թրծուելով:   Այժմ աշխարհի դռները լայն բացուած են ձեր դիմաց. դուրս կու գաք տան եւ դպրոցի մտերմիկ, հանգստացնող եւ ապահով մթնոլորտէն` ուղղուելու համար  դէպի հոն, ուր ձեր փափաքները կ՛առաջնորդեն: Քանի մը վայրկեանէն կը միանաք մեր դպրոցի շրջանաւարտներու մօտ 500 հոգինոց փաղանգին, երբ ստանաք ձեր վկայականները: Ձեր նոր վկայականներուն կողքին, կը գտնէք մեր նշանաբանը` հաւատք, կամք ու նուիրում: Ունեցէք հաւատք այս վարժարանին եւ անոր ձեզի փոխանցած աւանդին հանդէպ, ցուցաբերեցէ՛ք նուիրումի ոգի` իբրեւ շրջանաւարտներ առաւելագոյնս օգտակար ըլլալու անոր եւ ունեցէ՛ք կամքը զայն ամէն վտանգէ ու հարուածէ պաշտպանելու»:

Ապա բեմ հրաւիրուեցաւ սրբազան հայրը` վկայականները բաժնելու եւ իր պատգամը փոխանցելու համար, իր խօսքին մէջ սրբազան հայրը ըսաւ, որ դպրոցի մը յաջողութիւնը արդիւնք է հաւաքական աշխատանքի եւ ճիգերու: Ան ըսաւ, որ հայ դպրոցը իր ուսերուն վրայ կը կրէ երկու պարտականութիւն. յաջող եւ փայլուն աշակերտներ պատրաստել, ինչպէս նաեւ` իրենց մշակոյթին եւ աւանդներուն հաւատարիմ հայ անհատներ պատրաստել:«Փաստօրէն այս վարժարանը յաջողած է իր երկու առաքելութիւններուն մէջ ալ» աւելցուց Գեղամ արք. Խաչերեան` ակնարկելով քննութիւններուն արդիւնքներու եւ հանդէսին ընթացքին աշակերտներուն տուած խոստումներուն` իրենց հայկականութիւնը ամուր եւ անխախտ պահելու մէջ»: Իր խօսքի աւարտին սրբազան հայրը շնորհաւորեց շրջանաւարտները, անոնց ուսուցիչներն ու ծնողները:

Վկայական ստացան.-

Կենսաբանութիւն.- Համամճեան Սանտրա, Սարգիսեան Թանիա, Մարատեան Բարտի, Քէշիշեան Լարա, Թոփալեան Վանայ, Պետրոսեան Պետրոս, Պոյաճեան Միսաք, Գալայճեան Նիկողոս, Կէօքճեան Խաժակ, Էզաճեան Ժիրայր, Ունանեան Զատիկ, Օգնայեան Ռազմիկ։

Ընկերատնտեսագիտութիւն.– Պալապանեան Նանոր, Պոզոյեան Սարին, Կարապետեան Բալիկ, Գույումճեան Նաթաշա, Սեֆերեան Էլզա, Եագուպեան Մարիա, Ազնաւորեան Վան, Չեքմէեան Նարեկ, Ջուլճեան Սերժ, Կարապետեան Կերի, Ռուսիալեան Մուշեղ, Օգնայեան Քրիստափոր։

Նախորդը

ԹՂԹԱԿՑՈՒԹԻՒՆ ՀԲԸՄ-Ի Պ. Գ. ԿԱՐՄԻՐԵԱՆ ՎԱՐԺԱՐԱՆԻ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՄԱՆ ՀԱՆԴԻՍՈՒԹԵԱՆ

Յաջորդը

ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ

RelatedPosts

Բարոյական Ուժը
Անդրադարձ

Բարոյական Ուժը

November 21, 2026
Արցախը Մեր Տեսակն Է (Անկախութեան Տօնի 28-ամեակ)
Անդրադարձ

Իմ Սիւնակը-Ձեր Աշխարհը. Հնաբոյր Եւ Փոշոտած Քաղաքական Համակարգի Մը Դէմ Յանդիման (Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակ)

November 21, 2026
Պարտութենէն Անդին` Պատմութիւնը Ուրանալու Վտանգը
Անդրադարձ

Լիբանանի Անկախութիւնը. Տօնակատարութիւններ Եւ Իրականութիւն

November 21, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.