Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

ՌԱԿԸՊ ԶԱՐԱՔՕԼՈՒ ԿԸ ՀԱՐՑՆԷ. ՄԵՍՐՈՊ ՊԱՏՐԻԱՐՔԻՆ ՊԱՐԱԳԱՆ ԿՈՄԻՏԱՍԻ ԵՐԿՐՈՐԴ ՊԱՐԱԳԱ՞Յ ՄԸՆ Է

July 12, 2011
| Հայ Դատ
0
Share on FacebookShare on Twitter

Յայտնի հրապարակագիր ու «Պելկէ» հրատարակչատան սեփականատէր Ռակըպ Զարաքօլու համացանցի վրայ դրուած յօդուածի մը մէջ հարց կու տայ, թէ Մեսրոպ սրբազան երկրորդ Կոմիտասի պարագա՞յ մըն է արդեօք: Ան իր անձնական կարծիքը կը յայտնէ ըսելով որ Հայ ժողովուրդը Մեսրոպ պատրիարքի օրինակով ապրեցաւ Կոմիտասի երկրորդ պատահար մը: Երկուքն ալ զոհ գացին վախի ու սարսափի զգացումներու: Անոնք իրենց ժողովուրդին դիմաց ցցուած սպառնալիքներուն գինը վճարեցին իրենց հոգիով: Երկուքին ալ պատճառը իթթիհատական հին ու նոր մտածելակերպն է: Հակառակ պետութեան կողմէ ստեղծուած խոչընդոտներուն` Մեսրոպ սրբազանին պատրիարք ընտրուիլը կերպով մը կը նշանակէր համայնքին աւելի արժանապատիւ կեցուածք մը ցուցաբերել սկսիլն ու համայնքէն ներս միութեան իրականացումը:

Ռակըպ Զարաքօլու կը պնդէ, որ քրիստոնէութիւնը այլեւս Թուրքիոյ ապահովութեան սպառնացող ազդակներէն մէկը կը նկատուէր: Մասնաւորաբար 2003 թուականէն ետք Էրկենեքոնի թիրախներուն կարգին էին քրիստոնեայ կղերականները: Իսկ Մեսրոպ սրբազանին ներկայացուցած պատրիարքական աթոռն ալ մնաց սպառնալիքներու ու նախատինքներու անհաւատալի ճնշումի մը տակ: Պետութիւնը Մեսրոպ սրբազանին ստիպեց, որպէսզի դիրք գրաւէ սփիւռքահայութեան դէմ, իրեն ըսուեցաւ, որ եթէ այդպէս ընէ, ատիկա լաւ կ՛ըլլայ իր համայնքին համար: Տարբեր տեսակի ճնշումներ ալ կային, անոր կը ստիպէին, որ մասնակցէր ուրացումի քաղաքականութեան վրայ հիմնուած համագումարներու: Պետութեան ճնշումով Ամերիկա գնաց ու հոն հայ հաւաքականութեան կարգ մը անդամներուն բողոքի ցոյցերուն հետ դէմ յանդիման մնաց: Ցնցուեցաւ: Իրեն հետ հոն կատարուած հարցազրոյցի մը ընթացքին ան պիտի ըսէր, որ այլեւս ժամանակը եկաւ, որ Հայաստանի ու սփիւռքի հետ յարաբերութիւնները բարելաւուին: Թուրքիոյ ու Հայաստանի միջեւ լրագրողներու ու մտաւորականներու  փոխայցելութիւններ պէտք է կազմակերպուին, դժուար հարցերը աւելի վերջ կը լուծուին, նախ փոխադարձ վստահութիւն ու հասկացողութիւն պէտք է հաստատուին:

Մեսրոպ սրբազան անցեալի մէջ պաշտօնավարած բոլոր պատրիարքներուն ամէնէն մտաւորականն էր, արդիւնքը այն եղաւ, որ Հրանդ Տինքին ու Մեսրոպ պատրիարքին դէմ սարքուած մահափորձերուն մէջ Էրկենեքոն յաջողեցաւ, Մեսրոպ պատրիարքն ալ, ըստ Զարաքօլուի, նախապատրաստուած մահափորձի մը զոհը դարձաւ: Անոր մարմինը չկրցան առնել, բայց կրցան ծանրապէս վիրաւորել անոր հոգին: Մեսրոպ պատրիարք առաջին լուրջ տագնապը ապրեցաւ Հրանդ Տինքի յուղարկաւորութեան օրը: Հայ հաւաքականութիւնը, մանաւանդ Տինքի սպանութենէն ետք, անհանգիստ վիճակ ունէր այլեւս, տարօրինակ այցելուներ կու գային, տարօրինակ պատահարներ իրարու կը յաջորդէին, եկեղեցիներու պատերուն վրայ ատրճանակի գնդակներ կ՛արձակուէին:

Զարաքօլու կը մտածէ տակաւին, որ Մեսրոպ պատրիարքին հիւանդութենէն ետք հայ համայնքն ալ երկուքի բաժնուեցաւ (անշուշտ կ՛ակնարկէ նոր պատրիարքի ընտրութեան խնդիրին), նախաձեռնութիւնը անցաւ պաշտօնական գրասենեակներու ձեռքը: Հայերը որքան պառակտէին, պետութիւնը այնքան կ՛ուրախանար, կ՛ըսէ Զարաքօլու: Հիմա կարծես ամէն մարդ Մեսրոպ պատրիարքին մահուան կը սպասէ:

Զարաքօլու իր այս խորհրդածութիւնները աւարտին կը բերէ` մաղթելով, որ հրաշք մը բարելաւէ Մեսրոպ պատրիարքին առողջութիւնը:

«ՆՈՐ ՄԱՐՄԱՐԱ»

Նախորդը

ԱԶԳ. «ՅԱՌԱՋ-Գ. ԿԻՒԼՊԷՆԿԵԱՆ» ՔՈԼԵՃԻ ԱՄԱՎԵՐՋԻ ՀԱՆԴԷՍ ԵՒ ՎԿԱՅԱԿԱՆՆԵՐՈՒ ԲԱՇԽՈՒՄ

Յաջորդը

ԹՈՒԱԿԱՆՆԵՐ

RelatedPosts

Հայ Դատ

Համալսարանի Մէջ Ուսանողներուն Ապսպրուած Գիտական Աշխատանքի Քննութիւն. «Պատրաստեցէք Հայոց Ցեղասպանութեան Պնդումները Ջրող Աշխատասիրութիւն»

December 31, 2014
1231fatih
Հայ Դատ

Մէկ Ժապաւէնը Չի Կարող Ներողութիւն Խնդրել. Ֆաթիհ Աքըն

December 31, 2014
Հայ Դատ

«Զաման». «Թուրքիոյ Միակ Հայկական Գիւղը` Վաքըֆլը»

December 31, 2014
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.