Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Արեւելեան Լեռնաշղթային Վրայ Հըզպալլա Իր Հակակշիռին Տակ Առաւ Ռազմավարական Դիրքեր

July 19, 2014
| Լիբանանեան
0
Share on FacebookShare on Twitter

Արեւելեան լեռնաշղթային վրայ Հըզպալլա իր հակակշիռին տակ առած է ռազմավարական դիրքեր` Ֆլիթան Արսալի կապող երկու ապօրինի անցքերը` Քըրն Սայեատ Սալամէն եւ Քըրն Շոհպէթ Համրան իր վերահսկողութեան տակ առնելով:

Հըզպալլայի մարտիկները ամէն ջանք ի գործ կը դնեն, որ Քալամունի ճակատը վերջնականապէս փակեն եւ դէպի Պեքաա ապահովութիւնը պահպանեն:

Հըզպալլայի մօտիկ աղբիւրներ հաստատեցին, որ Ժապհաթ Նուսրայի բազմաթիւ զինեալներ սպաննուած են բախումներուն ընթացքին. անոնց մէջ եղած է նաեւ Ահմետ Օմար Եաքզանը, որ շէյխ Սրաժէտտին Զրէյքաթի օգնականներէն մէկն է:

Միւս կողմէ, քուէյթեան «Քապաս» օրաթերթին համաձայն, Հըզպալլա Արեւելեան լեռնաշղթային վրայ նոր մարտավարութիւն մը կը գործադրէ այն զինեալներուն դէմ, որոնք փախուստ տուած են Եապրուտէն, Ռանքուսէն, Ռաս Մաարայէն, Ֆլիթայէն, Ասալ Ուարտէն եւ Զապատանիէն եւ ապաստանած Արսալի բարձունքներուն վրայ:

Նշենք, որ Հըզպալլայի եւ Ժապհաթ Նուսրայի միջեւ զինեալ սուր բախումներ կ՛արձանագրուին:

Այս բախումներուն պատճառով Լապուէի, Այնի եւ Նապի Օսմանի մէջ որոշ բնակարաններ արդէն իսկ դատարկուած են իրենց բնակիչներէն:

Պէտք է աւելցնել, որ Ժապհաթ Նուսրայի զինեալներ կը փորձեն Պրիթելի բարձունքներէն, Նահլէէն, Եունինէն եւ Մքըննէէն յարձակումներ գործել, իսկ Հըզպալլա ամէն տեսակի զէնքով եւ ուժով կը դիմադրէ անոնց:

 

 

Նախորդը

Փլամպլի Այցելեց Ֆրենժիէի Եւ Ֆայեատի

Յաջորդը

«Կը Ջանամ Ինծի Վստահուած Պարտականութիւնը Լիուլի Կատարել» Շեշտեց Վարչապետ Սալամ

RelatedPosts

Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի  Սպանութեան Տարելիցի Նշում
Լիբանանեան

Նախկին Նախարար Փիեռ Ժեմայէլի Սպանութեան Տարելիցի Նշում

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.