
Նախկին վարչապետ Նեժիպ Միքաթի երէկ ընդունեց հիւսիսային Լիբանանի եւ Թրիփոլիի միւֆթի շէյխ Մալեք Շաարը, որուն հետ քննարկեց լիբանանեան իրադարձութիւնները, յատկապէս հիւսիսային Լիբանանի կացութիւնը:
Հանդիպումին ընթացքին շեշտուեցաւ, որ Թրիփոլիի ապահովական կայունութիւնը երբեք պէտք չէ խախտել:
Միքաթի ընդունեց նաեւ Լիբանանի մէջ Ֆրանսայի դեսպան Փաթրիս Փաուլին, որուն հետ քննարկեց երկկողմանի յարաբերութիւնները, ինչպէս նաեւ Լիբանանի կացութեան մասին այս կամ այն կողմին տեսակէտները:
Միքաթիի այցելուներէն եղան նաեւ առողջապահութեան նախարար Ուաէլ Ապու Ֆաուր, մշակոյթի նախարար Ռոնի Արայժի, Ֆրանսայի արտաքին գործոց նախկին նախարար Պեռնար Քուշներ եւ նախկին նախարարներ Նազեմ Խուրի եւ Պասսամ Եամմին:


