
«Ռոսպալթ» լրատու գործակալութիւնը, վկայակոչելով իր աղբիւրը ռուսական գաղտնի սպասարկութիւններու մէջ, երէկ հաղորդեց, որ երկրի Անվտանգութեան դաշնակցային սպասարկութեան աշխատակիցները Մոսկուայի մէջ ձերբակալած են հայկական սփիւռքի ամէնէն հարուստ ներկայացուցիչներէն մէկը` Լեւոն Հայրապետեանը:
Ըստ նոյն աղբիւրին, Հայրապետեան ձերբակալուած է երկուշաբթի մոսկովեան «Տոմոթեթովօ» օդակայանին մէջ, ուր եկած էր Մոնաքոյէն: Զայն խիստ հսկողութեամբ տարած են Ռուսիոյ քննչական կոմիտէ` հարցաքննութեան, ուր պաշտօնապէս յայտարարած են ձերբակալութեան մասին, եւ քննիչները կը պատրաստուին մօտ օրէն կալանքը իբրեւ ձերբակալման միջոց ընտրելու միջնորդութիւն ներկայացնել դատարան:
Հայրապետեանի նկատմամբ կատարուած ձերբակալութիւնը կը կայանայ Սերկէյ Ֆինաքինի յանցագործ խումբի գործունէութեան քննութեան ծիրին մէջ:
Պաշտօնական աղբիւրներ նման տեղեկութիւն ցարդ չեն հրապարակած:
Հայրապետեանի` խմբաւորման հետ ունեցած կապին մասին քննիչներուն տեղեկացուցած է նախկին ծերակուտական Իկոր Իզմեսթեւ, որ այժմ ցմահ բանտարկութեան դատապարտուած է:
Լեւոն Հայրապետեան աշխարհի ամէնէն հարուստ հայերու տասնեակին մէջն է:


