Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Անգլիոյ Եկեղեցին Կիներու Եպիսկոպոս Օծուիլը Արտօնող Որոշում Մը Որդեգրած Է

July 17, 2014
| Միջազգային
0
Share on FacebookShare on Twitter

1607church-of-england«Նիւ Եորք Թայզմ» կը հաղորդէ, որ տարիներու վրայ երկարած անել կացութենէ եւ պառակտումէ ետք, Անգլիոյ եկեղեցին 14 յուլիսին քուէարկած է ի նպաստ կիներու եպիսկոպոս օծման արտօնումին` այդպիսով շրջելով նշեալ ազգային եկեղեցւոյ դարաւոր աւանդութիւնը եւ յաղթահարելով երկարատեւ բանավէճը, որ ականահարած է անկլիքաններու միասնականութիւնը:

Ընդհանուր սինոտոսի որդեգրած որոշումը կը վայելէր աջակցութիւնը Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոս Ճասթին Ուելպիի, որ քուէարկութենէն առաջ «Պի.Պի.Սի.»-ին յայտնած է, որ հասարակութիւնը կիներու մերժումը «գրեթէ անհասկնալի» պիտի նկատէր:

Որոշումին որդեգրումէն ետք ան նշեց, որ քուէարկութիւնը ամբողջացումն է 20 տարի առաջ կիներու վարդապետ օծումը արտօնող որոշումին:

Այժմ Բրիտանիոյ խորհրդարանը պէտք է վաւերացնէ այս որոշումը, որմէ ետք Ընդհանուր սինոտը նոյեմբերին նախատեսուած իր յաջորդ ժողովին որոշումին պաշտօնական յայտարարութիւնը պիտի կատարէ:

Կիներու սրբազան օծման օրէնսդրական արգելքները քանդելու քայլերը ընթացք առին 2005-ին, սակայն 2012-ին Ընդհանուր սինոտի անդամ աշխարհիկներ արգելակեցին փոփոխութիւնը, որուն պատճառով տագնապ մը  յառաջացաւ:

Որոշումին դէմ քուէարկած եպիսկոպոս Պըրնլիէն Ճոն Կոտարտ յայտարարեց, որ որոշումին դէմ քուէարկած է «Աստուծոյ նկատմամբ հնազանդութենէ մեկնելով»: «Աստուածաբանական համոզումէ մեկնելով` պէտք է «ոչ» քուէարկեմ», ըսաւ ան:

Բրիտանիոյ փոխվարչապետ Նիք Քլեկ ողջունեց կառավարութեան աջակցութիւնը վայելող որոշումին որդեգրումը նշելով. «Ասիկա Անգլիոյ եկեղեցւոյ համար ջրբաժանի պահ մըն է եւ մեր հասարակութիւնը աւելի արդար դարձնելու ուղղութեամբ դէպի յառաջ քայլ մը»:

Քենթըրպըրիի արքեպիսկոպոսը քուէարկութենէն առաջ ըսաւ, որ իրենք ջանք պիտի թափեն, որպէսզի որոշումին անհամաձայն եղողները «շարունակեն եկեղեցւոյ մէջ ծաղկիլ»:

 

 

Նախորդը

Կազմակերպութեամբ ՀՅԴ «Սարդարապատ» Կոմիտէի Քարոզչական Յանձնախումբին` Արժանաւոր Նշում` Սասնոյ Ապստամբութեան 110-Ամեակի

Յաջորդը

Ֆրանսացի Ճարտարապետները Կ՛առաջարկեն Պրազիլական Նորակառոյց Մարզադաշտերը Տրամադրել Կարիքաւորներուն

RelatedPosts

Քրեմլին. «Գերմանիոյ Մէջ Ամերիկեան  Եռահաս Հրթիռներու Տեղակայումը Պաղ  Պատերազմին Վերադառնալ Է»
Միջազգային

Քրեմլին. «Մտադիր Ենք Կապ Հաստատելու Եւրոպացիներուն Հետ` Հասկնալու Համար, Թէ Խաղաղութիւն Փափաքող Դաշինք Կը Ներկայացնե՞ն»

November 24, 2026
Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի  Շղթայազերծման Որոշումը  Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան
Գլխաւոր լուրեր

Թրամփ Իրանի Վրայ Նոր Յարձակումի Շղթայազերծման Որոշումը Յետաձգեց Յառաջիկայ Տարուան

November 21, 2026
Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով`  Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան  Եռակողմ Վեհաժողով
Գլխաւոր լուրեր

Պատմութեան Մէջ Առաջին Անգամ Ըլլալով` Ռուսիա-Միացեալ Նահանգներ-Չինաստան Եռակողմ Վեհաժողով

November 20, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.