
Խորհրդարանի նախագահ Նեպիհ Պըրրի երէկ Այն Թինէի մէջ ընդունեց արդարութեան եւ վարչական հարցերու երեսփոխանական յանձնախումբի նախագահ, երեսփոխան Ռոպեր Ղանեմը, որուն հետ քննարկեց խորհրդարանական շարք մը հարցեր:
Պըրրի ընդունեց Պէյրութի Հարիրիի անուան հիւանդանոցին վարչական խորհուրդը` նախագահութեամբ Ֆայսալ Շաթիլայի: Հանդիպումին ընթացքին քննարկուեցան հիւանդանոցին վերաբերող հարցեր:
Միւս կողմէ, խորհրդարանի նախագահին այցելուները հաստատեցին, որ կառավարութեան ձեռքերը կապուած են, եւ իւրաքանչիւր նախարար դարձած է թագաւոր մը` աւելցնելով սակայն, որ Պըրրիի համար կառավարութեան աշխատանքին սառած վիճակը անընդունելի է:


