ՀԱՆՐՕԳՈՒՏ շինութեանց եւ փոխադրութեան հարցերու նախարար Ղազի Զաայթեր յայտնեց, որ անհրաժեշտ է Լիբանանին եւ լիբանանցիին ապահովութեան համար ապահովական ցանց մը երաշխաւորել:
ԼԻԲԱՆԱՆԵԱՆ ուժեր կուսակցութեան ղեկավար Սամիր Ժահժահ յայտնեց, որ նախագահական աթոռի թափուր մնալը կացութիւնը կ՛առաջնորդէ դէպի ամբողջական անիշխանութիւն:
ՃԱՐՏԱՐԱՐՈՒԵՍՏԻ նախարար Հիւսէյն Հաժ Հասան անհրաժեշտ նկատեց հաւատադրժողական եւ անարդար կողմերուն դիմադրութիւնը:
ԼԻԲԱՆԱՆԻ մէջ Սուրիոյ դեսպան Ալի Ապտել Քերիմ Ալի յայտնեց, որ ՏԱՀԵՇ-ական մօտեցումներէն եւ հաւատադրժողական տեսակէտներէն միակ օգտուողը Իսրայէլն է` աւելցնելով, որ Սուրիոյ մասին համաձայնութեան մը գոյութիւնը ամերիկացիին եւ եւրոպացիին միակ մտահոգութիւնն է:
ՇԷՅԽ Ապպաս Զղէյպ կոչ ուղղեց բոլորին` դիմադրելու Լիբանանի դէմ նիւթուող սադրանքներուն:
ԵՐԵՍՓՈԽԱՆ Մոհամետ Քապպանի շեշտեց, որ Թուրքիայէն ջուրի ներածման պարագային լիբանանցին յաւելեալ ոչինչ պիտի վճարէ, այլ խօսքով` ջուրի մատակարարման համար անոր վճարած գումարը պիտի մնայ նոյնը:
ՄՈՒՍԹԱՔՊԱԼ հոսանքի երեսփոխան Ասեմ Արաժի կոչ ուղղեց ամէնէն մօտիկ ապագային ընտրելու հանրապետութեան նախագահ մը` լուծելու համար Լիբանանի դիմագրաւած տագնապը:


