
ԻԹԱՐ-ԹԱՍՍ կը հաղորդէ, որ Իրանի խորհրդարանի ազգային անվտանգութեան ու արտաքին քաղաքականութեան հարցերով յանձնախումբի նախագահ Ալատին Պորուժերտի յայտնած է, որ Թեհրան պիտի վերսկսի մինչեւ 20 առ հարիւր իւրանիոմի հարստացման աշխատանքներուն, եթէ Վեցեակը Իրանի չարտօնէ աւելցնել կեդրոնախոյս մեքենաներուն վրայ զուգաթիւ ու զուգատեղերու բաժանման համար տարուող աշխատանքները:
Ան նշած է, որ աշխատանքներու ծաւալը անհրաժեշտ է աւելցնել` ստացուող ելեկտրականութեան չափը մեծցնելու համար: Պորուժերտի աւելցուցած է, որ Իրան պիտի շարունակէ հիւլէական հետազօտութիւնները` ընդգծելով, որ իրենք ատիկա պիտի ընեն Հիւլէական ուժանիւթի միջազգային գործակալութեան ներկայացուցած սահմանափակումներուն ծիրին մէջ:


