Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon)
No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան
No Result
View All Result
Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ
No Result
View All Result

Լեռնային Ղարաբաղի Բանակի Հրամանատարական Կազմի Խորհրդակցութիւններ` Հատրութի Մէջ

July 7, 2014
| Գլխաւոր լուրեր, Հայկական
0
Share on FacebookShare on Twitter

0607Մովսես-ՀակոբյանԼեռնային Ղարաբաղի բանակի հրամանատարական կազմի, սպայակոյտի բաժիններուն եւ ծառայութիւններու պետերուն մասնակցութեամբ Հատրութի մէջ տեղի ունեցած է արտակարգ զինուորական խորհրդակցութիւն` նուիրուած բանակի հարաւարեւելեան ուղղութեամբ տեղակայուած միաւորումներէն մէկուն մէջ իրականացուած եւ իրականացուող հոլովոյթներուն քննարկումին:

Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան փոխանցումով` խորհրդակցութեան ընթացքին միաւորումի հրամանատարը նախ ներկայացուցած է ենթակայ զօրամասերուն եւ առանձին ստորաբաժանումներուն մէջ կատարուած աշխատանքներու ընդհանուր բնութագիրը, ապա անդրադարձած է առկայ խնդիրներուն եւ առաջարկած լուծումներ:

Քննարկուած հարցերուն շուրջ իրենց նկատողութիւնները յայտնած են նաեւ զօրամասերու եւ ստորաբաժանումներու հրամանատարներն ու համապատասխան ուղղութիւններու պատասխանատուները:

Ծառայողական խորհրդակցութիւնը եզրափակած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարար, բանակի հրամանատար Մովսէս Յակոբեան` ամփոփ խօսքով մը: Ան ներկաներուն ուշադրութիւնը հրաւիրած է խորհրդակցութիւններուն ընթացքին նշուած թերացումներուն վերացման եւ տարուան պատրաստութեան ծրագիրով նախատեսուած միջոցառումներու անթերի իրականացման վրայ: Յակոբեան յատկապէս կարեւոր նկատած է բանակի վարչութեան աշխատանքը, որ «վերահսկողական բնոյթ կրելուն կողքին պէտք է ունենայ նաեւ օժանդակող բնոյթ»:

Յայտնենք, որ մէկ շաբթուան ընթացքին ղարաբաղեան-ազրպէյճանական շփման գիծի վրայ զինադադարը խախտուած է մօտաւորապէս 600 անգամ: Լեռնային Ղարաբաղի բանակին տուեալներով հայ դիրքապահներուն ուղղութեամբ արձակուած են աւելի քան 7500 կրակոց: «Բանակի յառաջապահ զօրամասերը համարժէք պատասխան տուած են հակառակորդին գործողութիւններուն եւ վստահօրէն կը շարունակեն իրականացնել զինուորական հերթապահութիւնը», ըսուած է Լեռնային Ղարաբաղի պաշտպանութեան նախարարութեան մամլոյ ծառայութեան հաղորդագրութեան մէջ:

 

Նախորդը

Կարէն Գրիգորեան` Իրաքի Մէջ Հայաստանի Դեսպան

Յաջորդը

Հայաստան Նշեց Սահմանադրութեան Օրը

RelatedPosts

Նոր Սահմանադրութեան Նախագիծը  Պիտի Հրապարակուի Յառաջիկայ Օրերուն
Գլխաւոր լուրեր

Խմբագրական. Յիշելով «ՈՉ»-ի Շարժումին Յաջողութիւնը

November 24, 2026
Լիբանանի Անկախութեան  83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ.  Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան  Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն  Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»
Գլխաւոր լուրեր

Լիբանանի Անկախութեան 83-Ամեակի Ուղերձին Մէջ. Աուն. «Կը Մերժենք, Որ Լիբանանը Իսրայէլեան Եւ Իրանեան Ծրագիրներէն Որեւէ Մէկուն Պատանդը Ըլլայ»

November 24, 2026
Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին.  «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ  Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը  Սիոնական Գոյացութիւնն Է»
Գլխաւոր լուրեր

Պաղայի` Հակադարձելով Նախագահ Աունին. «Լիբանանին Եւ Անոր Գերիշխանութեան Նկատմամբ Ոտնձգութիւն Կատարող Միակ Գործօնը Սիոնական Գոյացութիւնն Է»

November 24, 2026
  • Home
  • About Us
  • Donate
  • Links
  • Contact Us
Powered by Alienative.net

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.

No Result
View All Result
  • Խմբագրական
  • Հայկական
  • Լիբանանեան
  • Միջազգային
  • Յօդուածներ
    • Անդրադարձ
    • Գաղութային
    • Հարցազրոյց
    • Հայրենի Կեանք
    • Գաղութէ Գաղութ
    • Զաւարեանական
    • Գիտութիւն
    • Ազդակ Գաղափարաբանական
    • Պատմական
    • Առողջապահական – Բժշկագիտական
    • Արուեստ – Մշակոյթ
    • Գրական
    • ԼԵՄ-ի ԷՋ
    • Մշակութային եւ Այլազան
  • Գաղութային
  • Մարզական
  • Այլազան
    • «Ազդակ»ի ֆոնտ
    • 50 Տարի Առաջ
    • Ի՞նչ Կ՛ըսեն Աստղերը
    • Յայտարարութիւններ
    • Կնոջական
    • Մանկապատանեկան

© 2022 Aztag Daily - Ազդակ Օրաթերթ (Armenian Daily Newspaper based in Lebanon). All rights reserved.